Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (27 Հոկտեմբեր 1968)

Հոկտեմբեր 27, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Աշուն

Երբ ծառերու տերեւները գունաւորուիլ սկսին, այսինքն երբ աշուն գայ, աչքս երկինքէն չի կտրիր: Չէ՛, առայժմ հոն երթալու մտադրութիւն չունիմ, բայց նորէն աչքս հոն է: Գիտեմ, որ գաղթող թռչուններու կարաւաններ անցնելու են անոր վրայէն, ու ես զանոնք դիտել շատ կը սիրեմ: Եթէ արեւմուտքին վրայ իրիկուան դէմ երկնքին կարմրած մէկ պահուն անոնց անցնիլը չէք տեսած, բան տեսած չէք… Ոչ մէկ աշխարհահռչակ նկարչի կտաւ զիս այնքան յուզած, գրաւած է, որքան` բնութեան այդ տեսարանը, որ միշտ ալ զիս մղած  է խորհելու: Նոյնիսկ քսան ու պակաս տարեկան եղած ատենս, երբ խորհիլն ինչ է` չէի գիտեր, կ՛ենթադրեմ, որ քանի մը րոպէ խորհած եմ… Խորհած եմ, թէ ուրկէ՞ կու գան եւ ո՞ւր կ՛երթան անոնք, ժամանակացոյցնին ո՞րն է, ուղեցոյցնին ո՞վ է, գիտե՞ն, թէ ինչ կը սպասէ իրենց ճամբուն եւ նոր երթալիք տեղերուն վրայ… Ինչպէս ցամաքին, նոյնպէս ալ երկնքին վրայ որսորդին գնդակ ու գիշատիչներ կան…

Ինչ որ կը զարմացնէ զիս, իրենց անսխալականութիւնն է: Անգամ մը, տարիներ առաջ, երբ Պոլսոյ Կեդրոնականի ուսանող էի, ու` երրորդ դասարան, աշխարհագրութեան ուսուցիչը հարցուց դասընկերներէս մէկուն, թէ ո՞րն է հիւսիսը պատէն կախուած աշխարհագրական քարտէսին վրայ:

– Հիւսիս, հարաւ, արեւելք, արեւմուտք,- ըսաւ խեղճ ընկերս ձեռքը ընդհանուր կերպով մը օդին մէջ շարժելով:

– Չէ՛, ատ չեղաւ,- պնդեց անսիրտ ուսուցիչը-, գնա՛, գնա՛ մօտը ու մատովդ որոշապէս ցոյց տուր, որ սորվինք:

Ընկերս արեւելքը իբրեւ հիւսիս ցոյց տուաւ, արեւմուտքը` հարաւ, հիւսիսը` արեւելք ու հարաւ` արեւմուտք:

Ըսելս այն է, որ բարձրագոյն վարժարանի Գ. դասարանի աշակերտ մը, երբ հիւսիսը կը շփոթէ արեւելքի հետ, ասդին, հազիւ մէկ կամ երկու տարեկան թռչնազգի մը անսխալօրէն գիտէ թէ ո՞ւր կը գտնուի հիւսիսը ու ո՞ր ամսուն ո՞ր օրը պէտք է իր հին բոյնը լքելով` ճամբայ ելլէ, որ որոշեալ օրը հասնի հոն, ուր մտադրած է անցընել տարւոյն մնացեալ օրերը:

«Ինչո՞ւ» եւ «Ինչպէ՞ս»-ի այս հարցումները մինակ զիս չէ, որ հետաքրքրած են, ինձմէ առաջ ու ինձմէ ետք ալ ինձմէ շատ աւելի խելք ունեցող մարդիկ զբաղած են անոնցմով ու պիտի զբաղին, ջանալով պատասխան մը գտնել անոնց:

Գտնել, օրինակի համար, թէ ինչպէ՞ս կրնայ բեւեռային ծիտը, բեւեռային կեդրոնէն միայն տասը աստիճան վարը ծնած, վեց շաբաթ ետք կրնայ լքել հայրենի բոյնը (պէտք էր մայրենի ըսէի բոյնին համար) ու 11.000 մղոն ճամբայ կտրելով` հասնիլ հարաւային բեւեռի սառցակոյտերը` ու ձմեռը հոն անցընելէ ետք, ամառուան համար վերադառնալ իր ծննդավայրը:

Ենթադրենք, որ բնութիւնը բացառիկ տոկունութեամբ օժտած է հազիւ սիսեռի մը մեծութիւնը ունեցող իր սիրտն ու փոքրիկ թեւերը, բայց ինչպէ՞ս իր սրտէն աւելի փոքր ուղեղը կը լուծէ նաւարկութեան բարդ խնդիրները ու կը յաղթահարէ զանոնք… Կ՛ենթադրուի, թէ կողմնացոյցը 12-րդ դարու մէջ է գտնուած, ու Քոլոմպոս լման 300 տարի ետքն էր, որ ձեւով մը յաջողեցաւ ճեղքել Ատլանտեանը: Իր այս արարքին համար մինչեւ հիմա գովքի կ՛արժանանայ ան, ու բազմաթիւ արձաններ բարձրացուած են ի պատիւ ու յանմահութիւն իրեն…

Ընդունինք, թէ ոչ միայն թռչուններուն չափ բան չենք գիտեր ուղեվարութեան մասին, այլեւ հազարաւոր տարիներէ ի վեր, թռչուններու եւ ձուկերու ալ տիրապետած այդ արուեստը տեսնելով հանդերձ, չենք հասկնար…

Բաւական տխմար ըլլալու ենք…

Արիստոտէլ` յոյն նշանաւոր փիլիսոփան, դարեր առաջ նշմարեց, որ կարմրալանջերը, յանկարծ, ձմրան գալէն առաջ կ՛անհետանան, մինչ ուրիշ թռչուններ կը մնան Յունաստանի մէջ. ու եզրակացուց, որ կարմրալանջերը աշնան կը կերպարանափոխուին ու գարնան դէմ նորէն կը ստանան իրենց նախկին վիճակը…

Համաշխարհային յարգանքի արժանացած փիլիսոփայի մը համար շատ ալ պատուաբեր չեղող այս կարծիքը իր նմանակը ունեցաւ Հռոմի մէջ, ու կը կարծուէր, որ ծիծեռնակները աշնան դէմ գորտերու կը փոխակերպուին…

Այս շփոթանքին գլխաւոր պատճառը այն էր, որ կ՛ենթադրուէր, թէ թռչունները, որոնք մարը մտնող արեւին հետ իրենց բոյներու հանգիստին կը վերադառնան, չեն թռչիր գիշերը, չեն կրնար թռչիլ, մանր թռչունները մանաւանդ, խումբով հոս են այսօր, ու վաղը չկան, ի՞նչ կ՛ըլլան…

Կերպանափոխուիլը այդ օրերուն տրամաբանական բացատրութիւն մը ըլլալ կը թուէր, բայց իրողութիւնը այն է, որ թռչունները գիշերն ալ կը թռչին որովհետեւ թռչնորս գիշատիչներու վախը աւելի քիչ է գիշերը: Ասկէ տասը-տասնհինգ տարի առաջ, մշուշոտ ու ամպոտ գիշեր մը, հազարաւոր ծիծեռնակներ բախելով Նիւ Եորքի Էմբայր Սթէյթ կոչուող մեծ շէնքին, թափեցան վար` մեռած կամ կէս հոգի…

Ու միայն 18-րդ դարուն էր, որ տիրող այս սխալ կարծիքը սրբագրուեցաւ ու սկսան հաւատալ, որ թռչունները, աներեւակայելի մեծ թիւերով կը ճամբորդեն նաեւ գիշերը:

Ու հիմա հարց կը ծագի, թէ անոնք ինչպէ՞ս կը ճշդեն իրենց ուղղութիւնը ցերեկը կարելի է ենթադրել, թէ անոնք իրենց ուղղութիւնը կը ճշդեն արեգակին շնորհիւ, հապա՞ գիշերը…

Նոյ, երբ տապանին դուռը բանալով աղաւնին արձակեց վրէժխնդիր Աստուծոյ մը կողմէ աւերուած աշխարհի մը վրայ, գիտէր, որ եթէ երկիրը բնակելու յարմար վիճակի մը մէջ չէր, արձակած իր աղաւնին պիտի գար ետ: Անկէ ի վեր մենք շատ քիչ բան ենք սորված թռչուններու մասին: Գիտենք, որ արեւը կ՛օգնէ անոնց իրենց ճամբան գտնելու, նոյնպէս եւ` աստղերը: Աստղերու եւ արեւուն ծածկուած ըլլալու պարագային է, որ անոնք յուսահատօրէն կլոր կլոր կը դառնան, մինչեւ որ երկինքը պարզուի: Ատով ալ կը բացատրուի գարնան, երբեմն, մէկ կամ երկու օրով անոնց ուշ մնալը:

Խորագիրս դրի աշնան մասին խօսելու մտադրութեամբ ու տեսէք` ո՛ւր ինկայ… Պատմուածք գրելու պահուս ալ երբեմն, (միայն երբեմն) խելքէս մտքէս չանցած տեղեր կը հասնիմ. կը նայիմ գրածիս ու կ՛ըսեմ ինքզինքիս, թէ` «ուր երթալու համար ճամբայ ելայ եւ ո՛ւր հասայ»: Գրելու համար սեղանիս առջեւ նստայ ըսելու համար, որ այս առաւօտ,  երբ պատուհանէս դուրս նայեցայ, մեր պարտէզը ամայի էր. կարմրալանջերը գացեր էին.

– Մատա՛մ,- ըսի` խօսքս կնոջս ուղղելով,- աշունը եկաւ, թռչունները գաղթեր են.

– Ի՞նչ կ՛ուզես, որ ընեմ, նստիմ` լա՞մ… Բախտաւոր ես, որ անոնք աշուն չեկած չփախան մեր քովէն:

– Ինչո՞ւ պիտի փախչէին որ, ամէն ձեւով անոնց կ՛օգնենք ուտելիք գտնելու համար, ու դեռ գողութիւն ալ կ՛ընեն:

– Քու ըրած գողութիւնդ մոռցա՞ր:

– Ի՞նչ գողութիւն:

– Խեղճ հայվանին հաւկիթները ո՞վ գողցաւ…

– Օ՜, ատիկա…

– Այո՛, ատիկա:

Հաւկիթ գողութիւն ըսածն ալ այսպէս պատահեցաւ: Երբ մեր կարմրալանջը բոյնը նորոգեց ու հաւկիթ ածել սկսաւ, ու երբ անոնց թիւը երեքի հասաւ, փորձելու համար, թէ երեքէն պակաս հաւկիթի վրայ մայր թռչունը թուխս պիտի նստի՞, ամէն օր ածուած երրորդ հաւկիթը բոյնէն կը վերցնէի, ու ան նոր հաւկիթ մը կ՛ածէր. եօթը հաւկիթ վերցուցի, մինչեւ որ ես յոգնեցայ ըրածէս, ան չյոգնեցաւ ածելէն: Յետոյ նստաւ հաւկիթներուն վրայ ու յաջողեցաւ երեք ձագ հանել. մէկը ինկաւ բոյնէն ու մեռաւ, միւսները մեծցան ու աս աշնան գաղթեցին: Տեսնելու բան էր, թէ ինչպէ՛ս ան ամէն օր ոտքի կ՛ելլէր բոյնին մէջ ու իր հաւկիթները համրելով` կտուցով զանոնք կը դարձնէր, տեղերնին կը փոխէր, վրանին կը գուրգուրար: Գրութիւնս հոս էր հասած, երբ տիկինը ներս մտաւ ու ըսաւ.

– Գլուխդ թուղթերուդ մէջէն հանէ ու ելիր դուրս  ու երկնքին նայէ:

Բան մը կա՞յ երկնքին վրայ:

– Պիտի չըսեմ, ե՛լ նայէ:

Վազեցի դուրս: Անհնար գոյներով բոցավառած էր երկինքը:

Եզան արիւնի կարմիր, հալած արծաթ, արոյր, նարինջ. գոյներու հեղեղ` ջրվէժ: Ու այդ խորքին դէմ բադերու երեք եռանկիւն: Ծփուն, շարժական, կարգապա՜հ:

Յուզումէս շունչս բռնուեցաւ, ու աչքերս լեցուեցան արցունքով:

– Կու լա՞ս,- հարցուց կինս:

– Այո՛, կու լամ… Շնորհակալ եմ զիս կանչելուդ համար:

– Բան մը չէ,- ըսաւ ու խոհանոց մտաւ երեկոյեան ճաշը պատրաստելու համար:

Ես մնացի դուրսը, մինչեւ որ անոնց եռանկիւնը պզտիկցաւ, պզտիկցաւ ու աղօտանալով` կորսուեցաւ երեկոյեան կապոյտ մշուշին մէջ:

ԱՐԱՄ ՀԱՅԿԱԶ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ծանօ՞թ Ես Մանկաներուն (Բ. Մաս)

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?