Ինչո՞ւ Նուազ Է
Գաղափարական Նուիրումը
Հիներուն մատնանշած ցաւն է ասիկա: Նոր սերունդը կ՛ամբաստանուի շեշտուած եսականութեամբ: Գաղափարական նուիրումի տէր երիտասարդները, կ՛ըսուի յաճախ, այնքան նուազած են, որ չեն կրնար գոյն ու դիմագիծ տալ սերունդի մը: Հանրային եւ ազգային գործերու հանդէպ խանդավառութիւնը հազիւ կ՛առկայծի: Ամէն ոք իր դիրքին ու ապագային մասին կը մտածէ եւ, լաւագոյն պարագային, իր ժամանակի եւ ուժերու աւելորդէն քանի մը լումայ միայն կը ձգէ ազգային գանձանակին մէջ:
Որքա՞ն ճիշդ է այս մեղադրանքը` ո՞վ կրնայ վճռել: Նորութիւն չէ հիներուն դժգոհութիւնը նորերու ընթացքէն: Պատմութեան մէջ, հին դարերէն սկսեալ, այլեւս դասական դարձած են սերունդներու փոխադարձ ամբաստանութիւնները բարոյական եւ գաղափարական հարցերու ըմբռնումին մէջ: Հայերը ե՞րբ հաւնած են իրենց որդիները:
Սփիւռքի մեր կեանքին մէջ մատնանշուած գաղափարական նուիրումի պակասը, սակայն, սխալ պիտի ըլլար ամբողջապէս անտեսել եւ դժգոհանքի արտայայտութիւնները վերագրել միայն ու միայն հայրերու եւ որդիներու ընթացիկ պայքարին: Անուրանալի է, որ գաղթաշխարհի մեր նոր սերունդը շատ աւելի հաշուող է, դրապաշտ եւ կենցաղասէր, քան` զգացական թռիչքներով ապրող եւ անհաշիւ զոհողութեանց ընդունակ գաղափարապաշտ հիները: Այս եզրակացութեան կարելի է յանգիլ գոնէ` կեանքի պատկերին արտաքին երեսը դիտելով:
«Արտաքին երեւոյթներէն մի՛ խաբուիք,- կ՛առարկեն նորերը-, երբ գործի ժամը հնչէ, կը տեսնէք, թէ ինչերու ընդունակ է մեր սերունդն ալ»:
Իրաւունք չունինք անշուշտ թերահաւատութեամբ ընդունելու նման խոստումներ, որովհետեւ փորձութեան վայրկեանին երեւան կու գան մարդոց առաքինութիւնները:
Այսուհանդերձ, առօրեան յարատեւ եւ յարաշարժ փորձութեան դաշտ մըն է ինքնին, ուր նոր սերունդի գաղափարական նուիրումը տիրական ներկայութիւն մը չի կազմեր: Ահա թէ ինչո՛ւ գալիքը նոյնպէս կը դատուի ներկայի տուեալներով:
Ինչպէս ամէն ցաւ` այս մէկն ալ ունի իր պատճառները, որոնք լուրջ քննութեան կը կարօտին: Երբ այդ պատճառները փնտռելու կ՛ելլենք, մեր նայուածքը նախ եւ առաջ կանգ կ՛առնէ դաստիարակութեան հարցին վրայ, որ ամէնէն շօշափելին է: Եւ ահա արագ վճիռով մը մեղադրանքը կը ձեւակերպենք. «Եթէ մեր երիտասարդները անձնասէր են եւ հաշուագէտ, պատճառը այն է, որ անոնք լաւ չեն դաստիարակուիր: Դպրոցներն ու դասատուները պէտք եղած գաղափարականութիւնը չեն ներշնչեր»:
Դաստիարակութեան կարեւոր դերը ո՛չ ոք կրնայ ժխտել հոգիներու կազմաւորման մէջ: Ընտանիք ու դպրոց այն երկու մեծ ազդակներն են, որոնց ազդեցութիւնը շատ խոր դրոշմ կը ձգէ անձի մը նկարագրին վրայ:
Բայց դաստիարակութիւնը առանձին բաւարա՞ր է արդեօք հարցին էութիւնը ամբողջապէս բացատրելու համար: Ինչո՞ւ կ՛անտեսենք ընկերային միջավայրը, դուրսի մթնոլորտը, կեանքի հոսանքը, որոնք դաստիարակութենէն աւելի հզօր ուժեր են յաճախ եւ կը կլանեն թարմ հոգիները:
Այս առթիւ երբեք չեմ մոռնար ընկեր Ռուբէն Տէր Մինասեանի հետեւեալ խօսքը, զոր ինք կը սիրէր կրկնել նման վէճերու ատեն.
– Դպրոցն ու դաստիարակութիւնը չեն կրնար պայքարիլ կեանքը ալեկոծող գաղափարներուն դէմ: Գէորգեան Ճեմարանէն աւելի պահպանողական եւ աւանդապաշտ սկզբունքներով ղեկավարուող դպրոց չկար Կովկասի մէջ, բայց մենք` Ճեմարանի գրեթէ բոլոր աշակերտներս, յեղափոխական դարձանք: Ինչո՞ւ. որովհետեւ դուրսի մթնոլորտը ելեկտրականացած էր յեղափոխական գաղափարներով:
Իսկ հիմա ինչո՞վ ելեկտրականացած է դուրսի մթնոլորտը: Ծանօթ են հաճոյասիրութեան եւ ոչնչապաշտութեան այն գաղափարները, որոնք առաւել կամ նուազ չափով վարակած են միջազգային երիտասարդութիւնը: Մերինները կղզիի մէջ չեն ապրիր, այլ կենդանի շփում ունին, ամէն տեղ, խանդավառութենէ պարպուած այս զանգուածներուն հետ: Եւ տակաւին չխօսինք խայտաբղետ բարքերու աւերիչ ազդեցութեան մասին, որ աստիճանաբար կը գործէ իր աւերը: Ի՞նչ կ՛ուզէք, որ ընէ կամ ըլլայ հայ երիտասարդը, երբ իր տեսած կենդանի օրինակները տարբեր ցանկութիւններ կ՛արթնցնեն իր մէջ, եւ իր կարդացած գրքերը սկեպտիկ կեցուածքի կը հրաւիրեն զինք կեանքի գաղափարական երեւոյթներուն հանդէպ:
Պէտք է իրատես ըլլալ եւ ըստ այնմ շարունակել պայքարը: Մեր դաստիարակները պարտաւորութիւնը ունին ոչ միայն նկարագրային խոչընդոտներ հարթելու, այլ` գերմարդկային կռիւ մղելու նաեւ դուրսի աշխարհին հետզհետէ աճող հրամայականին եւ հմայնքներուն պէս: Զարմանալի չէ բնաւ, այս պայմաններուն տակ, որ ծառայութեան եւ նուիրումի իտէալներով դպրոցէն բաժնուող պատանին քանի մը տարի ետք անձնատուր ըլլայ կեանքի հոսանքին:
Կեանքը եւ գործը կը հասունցնեն այն սերմերը, զորս դաստիարակներ ցանած կ՛ըլլան տղոց հոգիներուն մէջ: Իսկ երբ կեանքի մթնոլորտը աննպաստ է հրաշալի ծաղկումին համար, երբ կենդանի գործի ասպարէզն ալ կը բացակայի, պէտք չէ զարմանալ, թէ ինչո՛ւ երիտասարդութեան մէջ կը նուազի «գաղափարական նուիրումը»:
Բացառութիւնները նկատի չունիմ. խօսքը մեծամասնութեան մասին է: Եւ որքան տարիները անցնին, որքան մեր գաղութները տարածուին, այնքան այս ցաւը պիտի խորանայ, որովհետեւ հայ երիտասարդը աւելի ու աւելի պիտի սկսի նմանիլ իր շրջապատի միւս երիտասարդներուն: Նմանութիւնը հագուստով եւ մազերու յարդարանքով միայն չ՛ըլլար, այլեւ հոգիով, մտածելակերպով, աշխարհահայեացքով:
Տուէ՛ք մեր երիտասարդներուն գրաւիչ գործ, արդիւնաւոր ախատանքի ծրագիր, մաքուր մթնոլորտ եւ ընկերային հաւատաւոր շրջանակ եւ պիտի տեսնէք, թէ զոհողութեան ոգիով եւ հոգեկան յատկութիւններու այլ հարստութեամբ անոնք երբեք ետ չեն մնար հիներէն:
Մ. ԻՇԽԱՆ
 
			