Անթիլիասի Կաթողիկոսարանի Նորակառոյց Վեհարանին Պաշտօնական Բացումը
Հանրապետութեան Նախագահ Շարլ Հելու Մայրիներու Ազգային Կարգի Ասպետի Շքանշանով Պարգեւատրեց Բարերար Գէորգ Չաթալպաշեանը
Շքանշանի Տուչութիւնը Կատարեց
Վարչապետ Ապտալլա Եաֆի
Բարձր հովանաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ Շարլ Հելուի, երէկ` չորեքշաբթի, 30 հոկտեմբեր, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, տեղի ունեցաւ Անթիլիասի կաթողիկոսարանի նորակառոյց վեհարանին պաշտօնական բացումը:
Ներկայ էին` Խորէն Ա. կաթողիկոսը, կաթողիկէ հայոց պատրիարքը, Իգնատիոս-Պետրոս ԺԶ. Պաթանեանը, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու նախագահ վեր. Յ. Ահարոնեանը, լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսը, Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի հայոց առաջնորդ Հրանդ արքեպիսկոպոսը, յունահայոց առաջնորդ Սահակ արքեպիսկոպոսը, կաթողիկէ հայոց պատրիարքի ընդհ. փոխանորդ Մեսրոպ եպս. Թերզեանը, դրան եպիսկոպոս Գարեգին եպիսկոպոսը, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան վարդապետներ, կաթողիկէ հայոց վարդապետներ, պետական երեսփոխաններ Սուրէն Խանամիրեանը եւ Անտրէ Թապուրեանը, Ազգ. ընդհ. ժողովի պատգամաւորներ, Ազգ. կեդր. վարչութեան անդամները, Ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ երեւելի ազգայիններ` իրենց կիներով:
Պետական երեսփոխաններ Մովսէս Տէր Գալուստեան անհանգստութեան եւ մեթր Խաչիկ Պապիկեան քաղաքէն բացակայ ըլլալով` չկրցան ներկայ գտնուիլ:
Ժամը ճիշդ 4:00-ին ժամանեց նախագահ Շարլ Հելուի ներկայացուցիչ` վարչապետ Ապտալլա Եաֆի` ընկերակցութեամբ պետական երեսփոխան Սուրէն Խանամիրեանի: Վարչապետը կաթողիկոսարան մուտքին արժանացաւ զինուորական պատիւներու: Ոստիկան զօրաց ջոկատը աչքէ անցընելէ ետք վեհափառն ու վարչապետը սիրալիր ողջագուրուեցան: Ապա վարչապետ Ապտալլա Եաֆի կտրեց նորակառոյց վեհարանի մուտքի ժապաւէնը, եւ ներկաները մուտք գործեցին գեղակերտ վեհարանէն ներս, որուն մուտքի դրան վրայ արձանագրուած է.
Կառուցաւ վեհարանս արդեամբ եւ ծախիւք տէր եւ տիկին Գէորգ եւ Արշակուհի Չաթալպաշեանի ի հայրապետութեան Տ. Տ. Խորենայ Ա. կաթողիկոսի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ
Ի թուին հայոց ՌՆԺԷ եւ յամի Տեառն 1968
Խորէն Ա. կաթողիկոս խօսք առնելով` շնորհակալութեան առաջին խօսքը ուղղեց հանրապետութեան նախագահ Շարլ Հելուի, որուն բարձր հովանաւորութիւնը կը վայելէ այսօրուան բացման արարողութիւնը: Շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետ Ապտալլա Եաֆիի, լիբանանեան կառավարութեան: Ապա աղօթեց, որ Աստուած մեր լիբանանեան գեղեցիկ հայրենիքին պարգեւէ բարօրութիւն, բարգաւաճում, ծաղկում եւ վերելք:
«Այս առիթով,- ըսաւ վեհափառ հայրապետը,- մենք քաղցր եւ հաճելի պարտականութիւնը ունինք յայտնելու մեր սրտալից շնորհակալութիւնները եւ երախտագիտական ջերմ զգացումները մեր թանկագին բարեկամին եւ ազգային բարերարին` տիար Գէորգ Չաթալպաշեանին, ինչպէս նաեւ իր շնորհալի կողակցին` տիկ. Արշակուհիին, որոնք սիրով ընդառաջեցին մեր դիմումին եւ լիառատ նուիրատուութեամբ Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանը օժտեցին այս գեղեցիկ վեհարանով: Կ՛աղօթեմ, որ Աստուած անվտանգ պահէ բարերարը եւ իր բոլոր պարագաները: Մշտատեւ առողջութիւն եւ երջանկալից երկար կեանք, լի բարերարութեամբ:
«Կեցցէ՛ շինարար եւ ստեղծագործ հայ ժողովուրդը»:
Ապա խօսք առաւ վարչապետ Ապտալլա Եաֆի եւ յանուն հանրապետութեան նախագահին, շնորհակալութիւն յայտնեց Գէորգ Չաթալպաշեանին` այս գեղակերտ շինութեան համար:
«Նախագահ Շարլ Հելու,- յայտնեց վարչապետը,- այս պատուական հայը կը պատուէ Մայրիներու ազգային կարգի ասպետի շքանշանով»:
Խանդավառ ծափերու տակ վարչապետ Ապտալլա Եաֆի շքանշանը զետեղեց Գ. Չաթալպաշեանի կուրծքին:
Ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ շնորհաւորութիւն: Այնուհետեւ ներկաները պտտեցան գեղակառոյց վեհարանի բոլոր բաժանմունքները:
Վարչապետ Ապտալլա Եաֆի իր մեկնումին դարձեալ արժանացաւ զինուորական պատիւներու:
Ազգային Ընդհ. Ժողովի Բացումը
Այսօր` հինգշաբթի, կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին վեհարանի դահլիճին մէջ, նախագահութեամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսի, տեղի պիտի ունենայ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգ. ընդհ. ժողովին բացումը: