Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (7 Նոյեմբեր 1968)

November 7, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նիքսըն` Նախագահ Ամերիկայի

Երէկ առտու մինչեւ կէսօր ու կէսօրէ ետք մինչեւ ժամը 5:00 աշխարհ շունչը բռնած սպասեց: Ճիշդ է,  որ հանրապետական թեկնածուն Ռիչըրտ Նիքսըն սկիզբէն իսկ նահանգային ընտրական քուէներու համրանքով թեթեւ առաւելութիւն մը ունէր իր դեմոկրատ մրցակիցին` Հիւպըրթ Հըմֆրիի վրայ, բայց ամենուրէք անձկութեամբ կը սպասէին պատասխան մը գտնելու համար այն հարցումին, թէ պիտի կրնա՞յ հասնիլ անհրաժեշտ եղող 270 ճակատագրական ձայներուն:

Ժամը 4:00-ին Նիքսընի քուէներուն թիւը հասաւ 261-ի շնորհիւ Քալիֆորնիոյ 40 եւ Օհայոյի 26 ձայներուն: Կը մնար 9 ձայն, յատկապէս կը սպասուէր արդիւնքը Իլինոյզի քուէարկութեան, ուր 26 այլ ընտրական քուէներ կային: Իլինոյզի արդիւնքները ուշացան, որովհետեւ ելեկտրոնային մեքենաները որոշ խանգարումներ ունէին: Ժամը 4:30-ին: «Ամերիկայի ձայն»-ը հաղորդեց, որ Իլինոյզ հանրապետական քուէարկած է, բայց լուրը պաշտօնական չէր տակաւին:  Էն. Պի. Սի. եւ Սէ. Պի. Սի. ելեկտրոնային նախատեսութեամբ հաղորդեցին Նիքսընի յաղթանակը: Բայց պաշտօնական լուրը հասաւ ժամը 5:00-ին. Ռիչըրտ Նիքսըն ընտրուեցաւ` դառնալով Միացեալ Նահանգներու 37-րդ նախագահը:

Երէկ ամերիկացի ժողովուրդը ընտրեց իր փոխնախագահը` յանձին Մերիլենտի կառավարիչ Սփիրօ Էկնիւի` զաւակը պալթիմորցի յոյն ճաշարանատէրի մը: 51 տարեկան, ամուսնացած, հայր` չորս զաւակներու, երեք աղջիկ եւ մէկ մանչ:

Վերջին հաշուով, Նիքսըն ստացաւ 302 ընտրական քուէ, ընդդէմ 291-ի: Իսկ 45 քուէ գնաց պր. Ուալլասին:

Կոչ Ազգային Միութեան

Ընտրութենէն անմիջապէս ետք նորընտիր նախագահը ազգային միութեան կոչ ըրաւ բոլոր ամերիկացիներուն:

Յուզուած, յոգնասպառ, բայց ժպտուն` Նիքսըն ժամը 12:30-ին (Պէյրութի ժամ` 19:30) երեւցաւ Նիւ Եորքի Վալտորֆ Ասթորիա պանդոկին մեծ պարասրահին մէջ, ուր իր կողմնակիցներէն բազմահարիւր անձեր հաւաքուած էին:

Իր երախտագիտութիւնը յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք օգնած էին իրեն, նորընտիր նախագահը ծանուցեց, որ շատ «սիրալիր նամակ» մը ստացած է որոնք Հիւպըրթ Տըմֆրնէն, որ կը շնորհաւորէր իր յաղթանակը: Նիքսըն յայտարարեց, որ ինքն ալ հեռաձայնած է իր նախկին մրցակիցին` շնորհաւորելու համար այն «քաջարի եւ ազնիւ պայքարին համար, որ մղեց ի դէմ մեծ դժուարութիւններու»:

Նիքսըն յուզումով խօսեցաւ Հըմֆրիի մասին: «Ըսի իրեն, որ ճշգրտօրէն գիտեմ, թէ ի՛նչ կը զգայ, որովհետեւ ես ալ ութ տարի առաջ շատ քիչ տարբերութեամբ կորսնցուցի ընտրութիւնները: Հիմա շատ քիչ տարբերութեամբ շահեցայ ու ձեզի կրնամ ըսել` աւելի հաճելի է շահիլը»:

Նորընտիր նախագահը. իր հիացումը յայտնեց հանդէպ «անոնց, որոնք կը պայքարին ու չեն հրաժարիր»: «Կը յուսամ, որ Հըմֆրիի երիտասարդ կողմնակիցները պիտի չյուսահատին եւ պիտի շարունակեն իրենց քաղաքական գործունէութիւնը», ըսաւ Նիքսըն:

Հանրապետական նախագահը յայտարարեց. «Միանանք: Այդ պիտի ըլլայ իմ հիմնական նպատակս: Իմ վարչութիւնս պիտի ըլլայ բաց վարչութիւն մը` նոր գաղափարներու եւ քննադատներու առջեւ: Ամէն ջանք պիտի թափեմ սերունդներու միջեւ խրամատը գոցելու համար»:

Վերջապէս, Ռ. Նիքսըն իր երախտագիտութիւնը յայտնեց իր ընտանիքին, որ թիկունք կանգնեցաւ իրեն` այս դժուարին պայքարին մէջ:

Հըմֆրի. «Լաւագոյնս Ըրի»

Մինչ այդ Միննէապոլիսի մէջ Հիմֆրի յայտարարեց, որ հեռագիր մը ղրկած է Նիքսընին` յատկապէս ըսելով.

«Ըստ կիսապաշտօնական տեղեկութիւններու, շահած էք այս ընտրութիւնը: Շնորհաւորութիւններս: Ապահով եղէք իմ օժանդակութեանս` միացնելու եւ ղեկավարելու համար ազգը` յառաջիկայ դժուարին օրերուն»:

Յայտարարելէ ետք, որ «լաւագոյնս ըրի, բայց կորսնցուցի», Հըմֆրի կրկնեց, որ պատրաստ է օգնելու Նիքսընին:

«Տիք Նիքսըն մինակ պիտի չմնայ, ես իր կողքին պիտի ըլլամ օգնելու համար»:

Դեմոկրատ թեկնածուն ընդունեց, որ սկիզբէն ի վեր իր յաղթանակը շատ դժուար էր: «Շատ պատրանքներ չունէի, Գիտէի, որ պայքարը շատ բուռն պիտի ըլլար: Շատ ծեր եմ 1972-ին դարձեալ պայքարի մտնելու համար: Չեմ գիտեր, թէ ի՛նչ պիտի ընեմ», ըսաւ յուզումէն խեղդուած ձայնով:

Ճոնսընի Հեռագիրը

Իր կարգին, նախագահ Ճոնսըն Նիքսընին ուղղուած հեռագրով մը յոյս յայտնեց, որ ամերիկացի ժողովուրդը պիտի գիտնայ դուրս գալ ընտրական պայքարին կուսակցական վէճերէն եւ միանալ` խաղաղութեան եւ ընկերային արդարութեան որոնումին համար:

Տակաւին յայտնի չէ, թէ Ճոնսըն ե՛րբ պիտի ընդունի Նիքսընը` իշխանութեան փոխանցումին երկար շրջանը սկսելու համար: Հաւանական է սակայն, որ Ճոնսըն այս, իրիկուն իսկ վերադառնայ Ուաշինկթըն` Ամերիկայի նոր նախագահը ընդունելու պատրաստութիւն տեսնելու համար:

Պաշտօնական Արդիւնքները

Ժողովրդային քուէ
Նիքսըն` 29.565.052 (43% համեմատութիւն)
Հըմֆրի` 29.539.500 (43% համեմատութիւն)
Ուալլաս` 9.181.466 (13%)

Նահանգային քուէ
Նիքսըն` 302, Հըմֆրի` 191, Ուալլաս` 45:

Երեսփոխանական ժողով
Դեմոկրատներ` 243 (-4)
Հանրապետականներ` 193 (+4)

Ծերակոյտ
Դեմոկրատներ` 58 (+2)
Հանրապետականներ` 42 (+7)

34 աթոռներ նորոգելի էին:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.