Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (9 Նոյեմբեր 1968)

Նոյեմբեր 9, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
ՀՅ Դաշնակցութեան Օրուան
Փառահեղ Տօնակատարութիւնը

Երէկ` կիրակի, 8 դեկտեմբեր, Պուրճ Համուտի «Գերմանիկ» սրահին մէջ փառահեղ հանդիսութեամբ տօնակատարուեցաւ ՀՅ դաշնակցութեան հիմնադրութեան 78-րդ տարեդարձը:

Ներկայ էին` լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսը, կաթողիկէ հայոց պատրիարքարանի ընդհ. փոխանորդ Մեսրոպ եպս. Թերզեանը, պետական երեսփոխաններ` Մովսէս Տէր Գալուստեանը, մեթր Խաչիկ Պապիկեանը, Սուրէն Խանամիրեանը, ղեկավար ընկերներ, երեւելի ազգայիններ եւ երկսեռ հասարակութիւն մը, որ ծայրէ ծայր լեցուցած էր ընդարձակ սրահը:

Լայն բեմը տպաւորիչ պատկեր մը կը ներկայացնէր: Կեդրոնը` Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Շարլ Հելուի նկարը եւ ՀՅ դաշնակցութեան հիմնադիր երրորդութեան` Քրիստափորի, Ռոստոմի եւ Զաւարեանի նկարը: Աջին` եռագոյն դրօշ եւ ՀՅԴ զինանշանը: Ձախին` լիբանանեան դրօշ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանը:

Օրուան նախագահին սեղանին վրայ` ՀՅԴ դրօշը: Բեմի առաջամասի երկայնքին լիբանանեան եւ եռագոյն դրօշներ, իսկ երկու կողմերը, ծայրամասերուն, եռագոյն եւ լիբանանեան մեծ դրօշներ, որոնք փոխն ի փոխ կը բռնէին սկաուտներ եւ արենուշներ:

Հանդէսը սկսաւ Պուրճ Համուտի ՀՄԸՄ-ի սկաուտներու նուագախումբին հնչեցուցած լիբանանեան քայլերգով եւ «Մշակ բանուոր»-ով: Ունկնդրուեցան յոտնկայս:

ՀՅԴ Կեդր. կոմիտէին կողմէ Յակոբ Գարաօղլանեան հանդէսը բացուած յայտարարելէ ետք բեմ հրաւիրեց օրուան նախագահ ընկ. Կարօ Սասունին:

Ընկ. Սասունի իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ 78 տարին վերջացուցած Դաշնակցութիւնը իր 79-ին մտած է: Հազիւ 2-3 հոգիներ կան, որ անոր հետ ծնան կամ անկէ քանի մը տարի առաջ` իբրեւ վկաներ այն մեծ ազատագրական հեղեղին, որ ազատագրեց հայոց աշխարհը:

11-րդ դարէն մինչեւ այսօր հայոց աշխարհը յորձանուտներու շրջաններէն անցաւ: Մեր ժողովուրդը կամքի ուժով, ամէնէն տկար օրերուն իսկ յայտարարեց, որ ես կամ, պիտի մնամ: Լինելութիւն հայոց: Ու մեր օրերու խաչեցեալը յարութիւն կ՛առնէր Սարդարապատի մէջ եւ վերականգնեցաւ այն, ինչ որ հազարաւոր տարիներ սպասած էր:

Հիմնական գաղափարներ ունենալով հանդերձ, իբրեւ կուսակցութիւն, ՀՅ դաշնակցութիւնը միայն կուսակցութիւն չէ, այլ հայ ժողովուրդն է, հայ ժողովուրդի բաղձանքներուն, ներքին, հոգեկան տառապանքներուն, համբերութեան, լինելութեան հաւաքականութիւնն է:

Մենք կրնանք թերութիւններ ունենալ: Բայց ձեզի կ՛ըսեմ, որ ՀՅ դաշնակցութիւնը հայ ժողովուրդի հաւաքական կամքի, հաւաքական զգացման, հաւաքական ճիգի, հաւաքական հերոսութեան մտածումն է: Մենք կրնանք երթալ. եւ ո՜վ չգնաց հսկաներէն, սկսեալ` հիմնադիր երրորդութենէն. եւ սակայն անոնց մէջէն կը ծլի պիտի ծլի կամքը հայ ժողովուրդին: Նոր անդամներով Դաշնակցութիւնը պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը:

Այս վայրկեանիս կ՛ապրիմ այն փուլերը, ուրկէ անցաւ հայ ժողովուրդը: 1926-ին, 42 տարի առաջ, երբ Տիթրոյիթի մէջ այսպիսի բեմէ մը ՀՅ դաշնակցութեան օրուան առիթով կը խօսէի, կ՛ըսէի հաւատքով. հիմա 1 միլիոն հայութիւն կայ Հայաստանի մէջ: Կ՛անցնի 50 տարի, կ՛ըլլայ 3 միլիոն: Այսօր հայկական հողերու վրայ 3 միլիոն հայեր կան: Սարդարապատի յուշարձանը կայ, նահատակներուն յուշարձանը կայ: Հայ ժողովուրդի լինելութեան ամէնէն գեղեցիկ իրականութիւնն է: Ու հայ ժողովուրդը պիտի տարածուի եւ տէր պիտի կանգնի իր ամբողջական հողերուն:

50 տարի ետք այսօրուան երիտասարդները ձեռք բերուելիք նուաճումներուն հետ թող նորէն յիշեն այս օրը, երբ տօնեն Դաշնակցութեան օրը: Այս իմաստով բացուած կը յայտարարեմ այսօրուան հանդէսը:

Ընկ. Սասունիի գաղափարաշունչ խօսքերը խոր տպաւորութիւն թողուցին ներկաներու վրայ եւ արժանացան բուռն ծափերու:

Տաղանդաւոր երգչուհի Արփինէ Փեհլիվանեանը դաշնակի ընկերակցութեամբ Պօղոս Ճելալեանի, յաջորդաբար եւ ապրումով մեներգեց «Իմ Երեւան»-ը եւ Տոլուխանեանի «Ծիծեռնակ-ը: Արժանացաւ երկարատեւ ծափերու:

Օրուան առաջին բանախօս Եդուարդ Էլոյեան գրական ինքնուրոյն ոճով ներկայացուց ՀՅ դաշնակցութեան առաջին 30-ամեայ կեանքին պատմութիւնը:

1890-ին ՀՅ դաշնակցութիւնը հրապարակ եկաւ պարզ, կարճ, անպաճոյճ կոչով մը: Սակայն քաղցր կոչ էր` ուղղուած հայ հարուստին` հայթայթելու զէնք, հայ կղերին` օրհնելու հայ զինուորը եւ հայ երիտասարդին` զոհաբերելու իր կեանքը: Եւ ՀՅ դաշնակցութեան ծնունդէն առաջ արդէն իսկ ծանօթ յեղափոխականներ եկան միանալ Դաշնակցութեան դրօշին տակ: Անկէ ետք` դիցապատում է` հին ու առասպելական օրերը յիշեցնող: Մեր կեանքին մէջ կը ստեղծուէր նոր մարդ, որ ինքզինք կանչած էր միայն ու միայն բազմապատկուած ծառայութեան:

Ե. Էլոյեան այդ մարդերը, անցուց ունկնդիրներուն առջեւէն: Տարօրինակ մարդիկ են ասոնք, ըսաւ: Մահուան հետ կարծես խաղի ելած են, եւ մահը կը վախնայ անոնցմէ: Անուններ են յաճախ, անծանօթ, եւ սակայն անոնցմէ իւրաքանչիւրը` ա՜յնքան մեծ: Հայ գաւառացին է անիկա, ահաբեկիչն է, ֆետային, մտաւորականը, գործիչը: Եւրոպան զարմացնող եւ զինուորական հանճարով կռիւներ մղեցին անոնք: Եղան ֆետայի` գրկած միայն իրենց հրացանը եւ սառն շրթներով իրենց վերջին համբոյրը տուին հայ հողին:

Այսպէս քալեց թափօրը հայոց պատմութեան վերջին տինասթիին` ՀՅ դաշնակցութեան եւ հասաւ սպասուած վարդահեղեղ արշալոյսին:

Այնուհետւ, Ե. Էլոյեան ընդգծեց, թէ այն, ինչ որ մերժուեցաւ, այսօր կ՛ընդունուի: Այսօր Սարդարապատ կը կառուցէք: Այսօր պատմութիւնը թերեւս կը փոխէք: Մենք ուրախ ենք, որ հոն էք եւ կու գաք մեզի, հոգ չէ, թէ ո՛ւր ենք այսօր մենք:

Մայիսը որբութիւն էր, անպատսպար վիճակը հայ մարդոց: Բայց հոգի էր: Անօթի կեանք, բայց ունէինք սնունդը մեր հոգիին եւ ապրեցանք անով: Եւ դեռ բանակ էր, պետութիւն էր, հայացման ճիգ հայոց աշխարհին: Որովհետեւ Հայաստան օտար աշխարհագրութիւն էր, մայիսին դարձաւ Հայաստան:

Մայիսը Դաշնակցութեան շրջանին եղաւ կարճ: Ապա ունեցանք տարագրութիւնը այս կուսակցութեան: Անհրաժեշտ է ընդգծել գէթ վերջին պահուն այն աքթը, որ բնորոշիչ է այս կուսակցութեան: Իբրեւ ժողովուրդ ոտքի ելաւ եւ ստեղծեց Սարդարապատ, Բաշ Ապարան, Ղարաքիլիսէ:

1921-ին ձիւն իջաւ մեր պզտիկ լեռնաշխարհին մէջ եւ սառոյց կապեց անոր պատմութեան էջերուն: Սառցապատ ձմեռ եղաւ մեր պզտիկ գարունէն ետք: Եկան կոմունիստը, չեկան, հայանուն բորենին: Մենք ըսինք` կանք, կը մնանք: Ձեր կարմիր ձմրան դէմ` գարուն: Ու փետրուար 18 տուաւ նոր անուններ, նոր հերոսներ: Այդ ձմրան դէմ` վերստին գարուն: Եւ սակայն փետրուարը եղաւ նահատակաց թաղում: Բայց կանք, կը մնանք:

Ե. Էլոյեանի` ՀՅ դաշնակցութեան առաջին 30-ամեայ տարիներու մասին տուած խորհրդապաշտ վերլուծումը արժանացաւ բուռն ծափերու:

Երկրորդ անգամ ըլլալով Արփինէ Փեհլիվանեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ Պօղոս Ճելալեանի, արուեստի մեկնաբանութեամբ եւ խոր ապրումով մեներգեց «Կռունկ»-ը եւ Այվազեանի «Երեւան»-ը: Արժանացաւ խանդավառ եւ երկարատեւ ծափերու:

Օրուան երկրորդ բանախօս Յակոբ Իսկէնտէրեանը տպաւորիչ պերճախօսութեամբ պատմեց ՀՅ դաշնակցութեան ոդիսականը` երկրէն դուրս:

Դաշնակցութիւնը անգործ չմնաց: Պատշաճեցաւ նոր պայմաններու եւ 30 տարին չաւարտած` ստեղծեց երկրորդ Հայաստան մը, որ կը շարունակուի: Այդ Հայաստանը դուք էք, հա՛յ ժողովուրդ, եւ ձեզիպէսները` ի սփիւռս աշխարհի:

Ի պատիւ այս մեծ կազմակերպութեան, որ երբ դժուար պայմաններու մէջ դուրս եկաւ իր հայրենիքէն, առաջին գործը եղաւ դաս մը տալ մարդկութեան: Իր մարտական ահաբեկիչներուն ձեռքով մաքրեց հրապարակէն հայ ժողովուրդի դահճապետները: Սրբեց իր անունին կցուած մեծ արատը:

Եթէ ինքնանպատակ ըլլար այս կազմակերպութիւնը, առաջինը ես պիտի ըսէի, որ վերջ տանք: Անիկա իբրեւ միջոց պահած է իր գոյութիւնը եւ կը շարունակէ մնալ միջոց մեր ազգային իտէալին: Վերանորոգենք մեր ուխտը, որովհետեւ շատ դժուար է այս ծփուն Հայաստանը կենդանի եւ վառ պահել:

Եթէ հաւատացած էք, որ եկած ենք կազմակերպութեան մը մեր յարգանքի տուրքը տալու, ես բաւարարուած չեմ: Եթէ եկած էք հայ ազատագրութեան, հայ յեղափոխութեան տօնը տօնելու, ես կը բաւարարուիմ եւ այդ կ՛իրականանայ միակ կազմակերպութեամբ մը, եւ ատիկա ՀՅ դաշնակցութիւնն է:

Ի՞նչ ըրաւ այս կազմակերպութիւնը սփիւռքի մէջ: Դաշնակցութիւնը զէնքով խաղալու վարժուած էր միայն: Վարժուեցաւ նաեւ ճիպոտ ձեռք առնելու, համանուագ ստեղծելու, հայ ժողովուրդին մշակոյթին համանուագը: Մանրամասնեց եւ գործի վերածեց հայ դպրոցներով, հայ եկեղեցիներով, հայ ակումբներով…

Այդ մշակոյթի համանուագն է, որ կը ստեղծագործէ եւ կը մեկնաբանէ: Ով որ սխալ կը տեսնէ ՀՅ դաշնակցութեան այս խմբաւորումը, թող ըսէ` սխա՛լ է այդ ճամբադ:

ՀՅ դաշնակցութիւնը պետութիւն չէ այսօր: Հայրենի իշխանութիւնը կը դատապարտէ մեր կազմակերպութիւնը: Դարձաւ ընդդիմադիր կուսակցութիւն: Սփիւռքի մէջ եւս չհանդուրժուեցաւ:

Ինչ որ թշնամիէն կու գայ, հասկնալի է: Սակայն երրորդ թշնամին կու գայ մեր ժողովուրդէն: Մեզի համար մտահոգիչը այս է: Անոնք, որոնք այս կազմակերպութեան մէջ չեն թրծուած, խօսքս անոնց է: Թող չկարծեն, որ պատմութիւնը չի կրկնուիր: Յաճախ` նոյն կերպով, տարբեր ձեւերով:

Հիմնական վտանգին առաջքը դուք պիտի առնէք, հա՛յ մայրեր: Ծանր պարտականութիւն ունիք: Աշխարհի հինգ ցամաքամասերուն վրայ ոչ մէկ պետութիւն պիտի ստանձնէ այն, ինչ որ ՀՅ դաշնակցութիւնը ստանձնած է ինքնաբերաբար: Դրօշակը առած, կը քալէ` հաւատալով, որ հայ ժողովուրդը կը քալէ իր ետեւէն:

Պիտի ուզէի, որ դուք ամէնօրեայ ձեր կեանքի ընթացքին, այն դաժան կեանքին, որ կը վարենք հացի ի խնդիր չմոռնայիք նաեւ մտքի եւ հոգիի հացը:

ՀՅ դաշնակցութիւնը իր անցեալի պատմութիւնը կը փոխանցէ նոր սերունդին: Հայաստանի մէջ մինչեւ 14 տարեկան հայ պատանին չի սորվիր, չի կրնար սորվիլ հայոց պատմութիւն, հնարաւորութիւն չունի:

Հայ կոչումը մեզ լիուլի բաւարարած է: Այսուհետեւ եւս պիտի բաւարարէ, պէտք է բաւարարէ: Արեւելահայ, արեւմտահայ եւ այլ ածականներու պէտք  չկայ, պիտի չհանդուրժենք: Հայ եւ Հայաստան:

ՀՅ դաշնակցութիւնը սփիւռքի մէջ, բոլոր ճակատներու վրայ, դժուար, հերոսանալիք ճամբաներու վրայ մաշեցնող, կամք թուլացնող կռիւ է, որ կը վարէ:

Դաշնակցութիւնը քաղաքներու համար չէր ստեղծուած, լեռներու վրայ կրակ վառելու համար ստեղծուած էր: Երբեմն լեռնցիի պէս է իր շարժուձեւը: Թերեւս չ՛ուզեր ալ քաղաքացի ըլլալ: Կ՛ուզէ լեռները վերադառնալ: Դէպի ազատութիւն, ինչպէս գրուած է իր դրօշին տակ: Այդ ազատութիւնը կ՛ուզէ իրեն հետ տանիլ:

Սփիւռքը տէ՛ր կը մնայ իր ամբողջական հանգանակին` յանձին ՀՅ դաշնակցութեան: Մեր դաւանանքը կը մնայ նոյնը: Ամբողջական Հայաստան ամբողջական հայութեամբ: Հայ ժողովուրդ, հայ ազգ, ազատ, անկախ պետականութիւն` իր հողերուն վրայ:

Յ. Իսկէնտէրեանը իր բանախօսութիւնը վերջացուց հայրենասիրական գեղեցիկ պատմութեամբ մը: Եզրակացուց ՀՅ դաշնակցութիւնը երբեք թոյլ պիտի չտայ, որ լերան գայլերը գան եւ յօշոտեն ժողովուրդը:

Հայրենաշունչ այս բանախօսութինը, զոր ներկայացուցինք ընդհանուր գիծերու մէջ,  արժանացաւ խանդավառ ծափերու:

Խաչիկ Արարատեան լաւագոյն մեկնաբանութեամբ, բոցաշունչ եւ խոր ապրումով արտասանեց Տ. Ոսկունիի «Անմահները կը տողանցեն»-ը: Մինչ պաստառի վրայ, ՀՅ դաշնակցութեան երրորդութենէն սկսեալ, ֆետայիներ, մտաւորականներ, գործիչներ, ահաբեկիչներ յաջորդաբար ներկայացուեցան` իւրաքանչիւրը արժանանալով բուռն եւ խանդավառ ծափերու, առաւելաբար սրահը լեցուած գաղափարապաշտ երիտասարդներու կողմէ:

Կարօ Սասունի իր փակման խօսքին մէջ ըսաւ հոգեկան արտայայտութիւնները, որոնք եղան այստեղ այսօր, ՀՅ դաշնակցութեան 78-ամեակին առիթով, նաեւ` Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծման 50-ամեակին առիթով, կրնամ ըսել, որ հայութիւնը կը գտնուի քաղաքական մէկ հորիզոնի վրայ, աւելի մեծ յոյսով կրնայ նայիլ ապագային:

Երկուքուկէս-երեք միլիոն հայութիւն կայ հայրենի հողին վրայ, նաեւ երկուքուկէս-երեք միլիոն հայութիւն` արտասահմանի եւ Ռուսիոյ մէջ:

Քաղաքական հսկայ Դատ մը ունինք:

դաշնակցութիւնը մարտական է, գրական է, հոգեկան է, պատմական է, ամէն ինչի հաւաքական կամքն է:

Պիտի ուզէի, որ մեր չափահաս ընկերները ամուր կենան, հաւատաւոր մնան:

Հարցերը 50 տարուան մէջ չեն լուծուիր, եւ մենք այդ ճամբով պիտի տանինք մեր պայքարը, հայ ժողովուրդի դրօշակը բարձր պահելով, որ կը նշանակէ ՀՅ դաշնակցութեան դրօշակը բարձր պահել:

Երկարատեւ եւ խանդավառ ծափերով վերջ գտաւ տօնակատարութիւնը: Ներկաները վերանորոգուած ուխտով եւ հաւատքով մեկնեցան սրահէն:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Թրամփի Ազգային Ապահովութեան Հարցերով Խորհրդականը Կը Փորձէ Հայաստանը Հեռացնել Ռուսիայէն Եւ Իրանէն

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?