Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (8 Նոյեմբեր 1968)

Նոյեմբեր 8, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Մեր Օրը

Քառասունեւերեք տարիէ ի վեր, Ժ. Ընդհանուր ժողովին որոշումով, ՀՅ Դաշնակցութիւնը ամէն տարի աշնան կը տօնէ իր Օրը` ինքնամփոփուելու, խորհրդածելու, կտրուած ճամբան չափելու, գալիքին ուղիները ճշդելու եւ իր բազմակողմանի գործունէութեան մասին զեկուցում տալու համար այն ժողովուրդին, որուն ծոցէն ծնաւ, որուն համար ապրեցաւ ու գործեց, պայքարեցաւ, արիւն թափեց:

Ամէնօրեայ գործունէութեան հեւքին մէջ ընդհանրապէս քիչ ժամանակ կը տրուի խօսքին: Գործը ամէն բանէ առաջ է, ու մեր կուսակցութիւնը մասնաւորապէս եղած է ու է գործի կազմակերպութիւն, հայ կեանքին մէջ իր առաջնորդի դերը կը կատարէ` տալով գործին օրինակը, որ անկասկած ամէնէն պերճախօսն է: Ու եթէ յաճախ, նման օրերու, դարձակէտ թուականներու ու մանաւանդ մեր օրուան առիթով անհրաժեշտութիւնը կը զգանք հաշիւ տալու ժողովուրդին, ատիկա կ՛ընենք մեկնելով ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնական սկզբունքէն, որ ժողովրդավարութիւնն է:

Ինքնավստահութիւնը, որ ունի մեր կազմակերպութիւնը, առաւելաբար կը պարտինք այն իրողութեան, որ իր երկարամեայ գոյութեան ընթացքին ՀՅԴաշնակցութիւնը, անշեղօրէն հետեւելով հանդերձ հայութեան եւ

անոր գերագոյն շահերուն անսակարկ նուիրումով ծառայելու կոչումին, երբեք չէ խուսափած քննադատութիւններէ` ծառայութեան այդ գործը աւելի արդիւնաւոր եւ շինարար դարձնելու մտահոգութեամբ:

Այսօր, իր հիմնադրութենէն եօթանասունեւութ տարի ետք, երբ ետ կը նայինք ու կը փորձենք համապարփակ նայուածքով մը ընդգրկել մեր կուսակցութեան բազմաճիւղ գործունէութեան զանազան երեսները, առաջին հերթին մեր ուշադրութեան կը ներկայանայ այն վստահութիւնը, որ հայութիւնը ունի ՀՅ Դաշնակցութեան ազգային նպատակներուն հանդէպ:

Դաշնակցութիւնը ամէն բանէ աւելի Հայաստանի անկախութեան եւ ազատութեան գաղափարականով կը ներկայանայ իր ժողովուրդին, ա՛յդ եղած է իր գործունէութեան մայր ուղին, ու ժողովուրդը երբ Դաշնակցութիւն կ՛ըսէ կը հասկնայ իր դատին յաղթանակին նուիրուած հարազատ կազմակերպութիւն մը, իր փառաւոր անցեալով, այլ մանաւանդ` ապագային հանդէպ ունեցած յստակ, պարզ ու մեկին նպատակներով, որոնք կը խօսին հայութեան սրտին, հոս թէ մայր հայրենիքի մէջ:

Հակառակ բոլոր երեւոյթներուն, միջազգային աննպաստ պայմաններուն` Դաշնակցութիւնը կը հաւատայ, որ անխուսափելի է մեր արդար Դատին վերջնական յաղթանակը: Մեր ժամանակաշրջանը չի հանդուրժեր կաշկանդումներու, եւ այս` ոչ միայն անհատական գծով, այլ նաեւ ու մանաւանդ` հաւաքական: Երբ ժողովուրդներ, որոնք պատմութեան բեմին վրայ, իբրեւ ինքնուրոյն ամբողջութիւն, քանի մը տասնամեակի կեանք ունին միայն, այսօր տիրացած են իրենց անկախութեան, չի կրնար ըլլալ, որ անցեալին պետական կեանք, անկախ ու ազատ գոյութիւն ունեցող ու յատկապէս իր ստեղծագործական, մշակութային նուաճումներով անմահ կոթողներու տէր ժողովուրդ մը իր բոլոր կարելիութիւնները արդիւնաւորելու հնարաւորութիւններէն յաւիտենապէս զրկուած մնայ:

Այս հաւատքը ունենալուն եւ այդ հաւատքին համապատասխան կեցուածք ցուցաբերելուն համար է, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը այսօր կը վայելէ հայութեան լայն զանգուածներուն բոլորանուէր աջակցութիւնը եւ գործնական համակրանքը, որոնց փաստերը տրուած են յաճախ, սկսած` մեր կազմակերպութեան զուտ յեղափոխական գործունէութեան օրերէն, մինչեւ անկախ պետականութեան հաստատումը, մինչեւ այսօր, երբ այլապէս կենսական գործի մը լծուած է մեր կազմակերպութիւնը` հայապահպանման եւ հայկական դատի հետապնդման զոյգ գետիններուն վրայ:

Այս գիտակցութիւնը ունի իւրաքանչիւր դաշնակցական, ու հպա՛րտ է, որ այդպէս է:

 

Առաջնորդող Ուժը

Դարերով փայփայուած երազ մըն էր Դաշնակցութիւնը, որ երբ 1890-ին մարմնացաւ, մայր ժողովուրդը գրկաբաց ընդունեց զայն:

Պատճառը այդ էր, որ հոգիներուն մէջ հող շահելու համար զուր ճիգեր չվատնեց: Գործի անցաւ անմիջապէս, եւ առաջին օրէն հսկաներ յայտնուեցան իր ծոցին մէջ, իմաստութեան ջահակիրներ, բանաստեղծներ, հրապարակագիրներ, զինակիրներ, ցեղին բարձագոյն ընդունակութիւններուն տէր հազար-հազար ընտիրներ, բոլորը ազգին համար, բոլորանուէր կամքով, է՛ն թանկագինը ժողովուրդին ու հայրենիքին զոհաբերելու սանձաբեկ տրամադրութեամբ:

Պայթուցիկ պահերու, անբնական չէ, որ կոչի մը ընդառաջելով` ժողովուրդ մը հաւաքաբար պայթի եւ խորտակէ իր ուսերուն դրուած լուծը: Նման օրինակներ շատ կան, ամէն ժողովուրդ կրնայ յիշել նման օրինակ մը, բայց եզական եղաւ եւ եզական մնաց Դաշնակցութեան կոչին զօրութիւնը, անօրինակ եղաւ ինքը` Դաշնակցութիւնը, որ իրեն ծնունդ տուող ժողովուրդին հարազատ ապրումներուն, ձգտումներուն ծառայելու, բոլորանուէր կամքին շնորհիւ` դեռ կը պահէ իր հմայքը նոյն ժողովուրդին մօտ, ի սփիւռս աշխարհի:

Դաշնակցութիւնը երկու ուժ ընծայեց հայ մարդուն` մարտական ոգի եւ գաղափարական լոյս: Առաջինին մղումով արութեան բազում գործեր ունեցանք եւ` կտոր մը հայրենիք, իսկ երկրորդը ազատագրեց մեզ համայնքային նուաստացուցիչ դրութենէն ու վերածեց ազգի:

Պայմաններու բերումով, 1922-էն ասդին Դաշնակցութիւնը դադրեցուց մարտական իր գործունէութիւնը եւ ամբողջ ուժը նուիրեց քաղաքական ու գաղափարական պայքարին, որ անպտուղ չմնաց, ընդհակառակն, նորանոր նուաճումներ ձեռք բերաւ ամէնուրեք, սփիւռքի յետին խորշերէն մինչեւ Հայաստան: Ազատօրէն մտածելու կամքի մը տէր կուսակցութիւն` անո՛ր կը պատկանի ջահակիրի պատիւը: Այս հաստատումը հիմնաւորելու կարիք չկայ: Արտասահմանի ազգային բջիջները կազմակերպելու փաստերէն մինչեւ Սարդարապատի ոգի կոչումը ի՛նքն է, որ առջեւէն կը քալէ, եւ հայ միւս կուսակցութիւնները առնուազն քսան, երեսուն, յիսուն տարի ետ են իրմէ:

Քաղաքական իր վերջին կարգախօսը «Ամբողջական Հայաստան, ամբողջական հայութեամբ» բանաձեւն է, որ միայն ի՛րն է հիմա, բայց որ վաղը, տարակոյս չկայ, պիտի դառնայ հանուր, ընդհանուր, ողողելով ամէն հայու միտքն ու սիրտը, լարելով իւրաքանչիւրին կամքը նոյն ուղղութեամբ, ա՛յն ուղղութեամբ, որ բացած է հայութեան խորագոյն եսը անձնաւորող այս ղեկավար ուժը:

Պ. Ս.

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Կին Դէմքեր. Երբ Գեղեցիկ Կիներ Կը Բացայայտեն Իրենց Գեղեցկութեան Գաղտնիքը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?