Տը Կոլի Թուրքիա Այցելութեան Առիթով
 Դարուս Առաջին Ցեղասպանութիւնը
Դեռ Անպատիժ Կը Մնայ
Կը Գրէ Ֆրանսական Թերթ Մը
Փարիզի մեր պաշտօնակիցը` «Յառաջ», նոյեմբեր 1-ի թիւին մէջ, առաջին էջի վրայ եւ ֆրանսերէն արտատպած է Լիոնի «Փրոկրէ Տիմանշ» թերթի 27 հոկտեմբերի համարին մէջ լոյս տեսած յօդուած մը, որ կը կրէ հետեւեալ խորագիրը:
«50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ՖՐԱՆՍԱ ԱՊԱՍՏԱՆ ԿՈՒ ՏԱՐ 200.000 ՀԱՅԵՐՈՒ, ՈՐՈՆՔ ՓԱԽԱԾ ԷԻՆ ԹՐՔԱԿԱՆ ՋԱՐԴԵՐԷՆ»:
Մեր պաշտօնակիցը իր ծանօթագրութեան մէջ շնորհակալութիւն կը յայտնէ ֆրանսական թերթին, որ Ճշմարտութիւնը նախընտրած է Պղատոնէն:
Ստորեւ` «Փրոկրէ Տիմանշ»-ի յօդուածը, որ լոյս տեսած է անշուշտ զօրավար տը Կոլի Թուրքիա այցելութեան առիթով.
Թրքական մամուլը իրաւամբ ընդգծեց այն յարաբերութիւնները, որոնք միշտ ալ գոյութիւն ունեցած են ֆրանսացիներու եւ օսմանցիներու միջեւ: Այս յարաբերութիւնները, որոնք երբեմն աղարտուեցան վէճերով, ընդգկած են բոլոր մարզերը եւ յաճախ արդիւնաւոր եղած են երկու կողմերուն…
Բազմաթիւ ֆրանսացիներ` ուսուցիչ, առեւտրական, ապրած են ու տակաւին կ՛ապրին Վոսփորի ափերուն վրայ եւ Անգարայի մէջ: Բայց Ֆրանսան` աւանդականօրէն ասպնջական երկիր, իր դուռերը աւելի լայն բացաւ 20-ական թուականներուն, տասնեակ հազարաւոր թուրք քաղաքացիներու առջեւ:
Բայց անոնք իրականութեան մէջ քրիստոնեայ քաղաքացիներ էին, հայեր: Երկու հարիւր հազար այր, կին ու երեխայ, աւելի կին, քան թէ` այր, ապաստան կը գտնէին Ֆրանսայի մէջ…
Անոնք ողբալի բեկորներ էին ցեղասպանութեան մը, որուն զոհ գացին Թուրքիոյ հայերը 1915-18 եւ աւելի ետք, թուրքեւյոյն պատերազմի ընթացքին (Զմիւռնիոյ աղէտը):
Տարեգրութիւնն ու ջարդերը մօտ մէկուկէս միլիոն կեանքեր խլեցին: Երիտասարդ թուրքերու կառավարութեան կողմէ խնամքով կազմակերպուած գործողութիւն մը, որուն շնորհիւ օսմանեան պետութիւնը եւ թուրք ժողովուրդը կրցան տիրել առասպելական հարստութիւններու ու նաեւ, աւա՜ղ, երկրին մէջ քանդեցին հայկական շատ հին ճարտարապետութեան մը մնացորդացը:
Այսպիսով լուծուած կ՛ըլլար Թուրքիոյ հայերուն հարցը, որ երկար ժամանակ եղած էր խաղաքարտ մը մեծ տէրութեանց ձեռքին մէջ` Բարձրագոյն դրան հետ իրենց բանակցութիւններու ընթացքին:
Ներկայիս Ֆրանսայի մէջ կ՛ապրի հայկական ծագումով ֆրանսացիներու սերունդ մը, որ կատարելապէս մտած է այս երկրին կեանքին մէջ, բայց որմէ ոչ ոք կը պահանջէ մոռնալ անցեալը: Ու արդէն չի կրնար ալ մոռնալ… Չի կրնար մանաւանդ մոռնալ, թէ թուրք նախարարները, որոնք յիսուն տարի շարունակ իրարու յաջորդեցին, երբեք գաղափարը չունեցան դարմանելու անոնց ծնողներուն դէմ գործուած ոճիրը, ինչպէս ըրաւ գերման կառավարութիւնը հրեաներուն նկատմամբ:
Դարուս առաջին ցեղասպանութիւնը դեռ անպատիժ կը մնայ:
«… Որի Մայրաքաղաքն Է Դառնում Երեւանը»
Թերեւս այն քիչ ազգերէն ենք մենք, որոնք շատ խօսած ու շատ վիճած են հայրենիքի մասին, մերի-ձերի խնդիրներ յուզած են շատ: Անհեթեթ է, սակայն, հայրենիքը բաժնել ժողովուրդի մը տարբեր հատուածներուն միջեւ եւ սեփականութեան հարցեր յուզել: Հայրենիքը կը պատկանի տուեալ ժողովուրդի բոլոր հատուածներուն, բոլոր անհատներուն: Միայն թէ պատմութիւնը կը սիրէ հայրենիքին հաշուոյն մէկուն կամ միւսին կատարած գործը թուել անուններով ու թուականներով, առանց որոնց ճշգրիտ արձանագրութեան` անկարելի է պատկերացնել որեւէ քաղաքակիրթ ազգ:
Երբ կը նայինք վերջին յիսնամեակին գլուխ հանած մեր գործերուն եւ կ՛ուզենք «առօրեայ վէճի միջից հիմնականը» զանազանել, արեւու լոյսին պէս պայծառ ճշմարտութիւններ կը ներկայանան մեզի. հայրենիքը վերստեղծելու առաջին փուլը` մէկ, եւ երկրորդ` փրկուած մասին վրայ կատարուած մշակութային ու քաղաքակրթական վիթխարի նուաճումը: Առաջին հրաշքը իր ընտիրներուն առատ արիւնով կենսագործեց Դաշնակցութիւնը, բայց ծաղկումին մասնակցելու հնարաւորութիւն չունեցաւ, մինչ հայրենիքի այսօրուան իշխանութիւնները եւ անոնց նախորդները, ընդհակառակն, հայրենիքը վերստեղծելու գործին մէջ բաժին չունին, բայց շինարարական բոլոր նուաճումները իրենց պարտական ենք:
Խօսքը, ի հարկէ, այդ երկու գործերէն իւրաքանչիւրին որակական արժէքին մասին չէ, խնդիրը կը վերաբերի չոր իրականութիւնը պարկեշտօրէն ընդունելու եւ արձանագրելու արարքին:
Ուրախալի է, որ այդ պարկեշտութիւնը մասամբ սկսած է հող գտնել մեր մէջ: Երեւանի 2750-ամեակին նման ուրախութիւններ ապրելու մէկէ աւելի առիթներ տրուեցան հայ մարդուն:
Ինչպէս ծանօթ է, Երեւանը մայրաքաղաք հռչակուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան օրօք, յիսուն տարի առաջ: Հայաստանի մտաւորականները հին նեղմտութեամբ չմօտեցան պատմական այս ճշմարտութեան, այլ նոր ոգեւորութեամբ մը մէկը տօնեց:
«2750-ամեայ Երեւան քաղաքի եւ 50-ամեայ Երեւան մայրաքաղաքի տօնը»:
Ուրիշ մը իր մասնակցութիւնը «2700… եւ 50 տարի» խորագրեց, եւ երրորդ մը հայոց մայրաքաղաքին ժամանակագրութիւնը կազմելու ատեն «1918 թուականը» ենթախորագրին տակ յիշեցուց, որ`
«Մայիս 22-ին եւ 23-ին Սարդարապատի մօտ տեղի է ունենում արիւնահեղ ճակատամարտ: Այդ հերոսամարտում հայկական աշխարհազօրն ու զօրամասերը փայլուն յաղթանակ են տանում թուրքական մեծաթիւ ու լաւ զինուած աւարառու զօրքերի դէմ: Թուրքերը մեծ զոհեր տալով` նահանջում են` եւ Երեւանն ու Արեւելեան Հայաստանի զգալի մասը փրկւում են ահաւոր վտանգից: Մայիս 28-ին ստեղծւում է Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որի մայրաքաղաքն է դառնում Երեւանը»:
«Որի մայրաքաղաքն է դառնում Երեւանը»:
Այդպէս եղաւ: Այդպէս մնաց բոլո՛ր անոնց համար, որոնք խղճմտանքով կը մօտենան պատմական ճշմարտութիւններուն եւ գիտեն յարգել իրենց ընթերցողները:
Երեւանի 2750-ամեակը հին ժողովուրդ մը ըլլալու հպարտութիւնը վերյիշեցուց մեզի եւ կը խոստանայ ըլլալ նոր մտայնութեան մը բաղձալի անկիւնաքարը:
Պ. Ս.
 
			