Տօն` Ամենայն Հայոց
Երեւանի յոբելեանին առիթով կարդացինք, գիտենք, հաղորդեցինք շատ բան, շատերուն, բայց անկարելի է վերստին չանդրադառնալ ու չյիշել ներքին խորունկ ալքերէն հրամայուած ու ծովածաւալ ապրումներ ժայթքեցնող այն քանի մը պատկերները, որոնք ստորագրութիւններով կազմուեցան, ծաղիկներով ծաղկեցան, լուսաւորուեցան ջահերով, քաղցրաձայն երգով, յորդեցան, հմայեցին, հրավառեցին միլիոնաւոր սիրտ:
Երկու հազար եօթը հարիւր յիսուն ստորագրութիւն,
Երկու հազար եօթը հարիւր յիսուն ծաղկեփունջ,
Երկու հազար եօթը հարիւր յիսուն ջահ,
Երկու հազար եօթը հարիւր յիսուն հոգինոց երգչախումբ:
Եւ հազարամեակներ խաւարէն ի լոյս բերող ո՜վ գիտէ քանի նոր տրոփ, քանի երդում, նոր յաւերժութիւններ նուաճելու կարօտով բռնկած ով գիտէ քանի ակնարկ, քանի յղացում, որոնք շաղախուեցան յոբելինական այս հրաշափառ օրերուն:
Մենք չենք տեսած, մենք չենք կարդացած, չենք լսած այսպիսի բան, հին թուականով մը նորոգուելու այսպիսի համատարած տրամադրութիւն: Ո՞վ այսքան մեծ թիւով մասնակցութիւն բերած է հռչակուած տօնի մը, ո՞վ այսքան ծաղիկ միանգամայն դրած է քով քովի, ո՞վ այսքան ջահ վառած է նոյն ատեն, երկու հազար եօթը հարիւր յիսուն հոգինոց երգչախումբ կազմած է ո՞վ:
Ծաղիկներու մէջ տեսէք ծաղկելու մեր ընդունակութեան պայթուցիկ սաղմը, ջահերու մէջ` մեր ակնարկին անմարելի բոցը ու երկու հազար եօթը հարիւր յիսուն երգիչներու լիահագագ ձայնին մէջ դարերուն երախտագիտութիւն յայտնող մեր առողջ շնչառութիւնը:
Նոյն հողին վրայ ենք հիմա, կը կառուցանենք մեր հայրենիքը, կ՛աճինք թիւով ու որակով:
Թո՛ղ ամէն թաղամաս քաղաքի մը չափ լայննայ, իւրաքանչիւր պողոտայ կրկնապատկուի լայնքով ու երկայնքով, բազմապատկուին համալսարանները, գիտութեան կաճառները. երախտագիտութիւն քար մը քարին վրայ դնող բոլո՜ր ձեռքերուն, բոլո՜ր ձիրքերուն, ամէ՛ն բանուորի, ամէն գիտունի: Հայրենիքը կը ծաղկի ամէն օր, փա՜ռք` իր ծաղկումին, պիտի չմոռնանք սակայն, որ այդ ամէնքը կը պարտինք մեզ կառուցող ուժին, նոյնինքն հայրենիքին, որ հող չէ միայն, քար չէ, ջրանցք չէ ու քաղաք չէ միայն, մասնաւոր արիւն մը շաղախող մասնաւոր ուժ է, հաւաքական կշռոյթներու առիթ տուող այն ձգողութիւնը, որ քարի կտորի մը վրայ փորագրուած քանի մը տողի դիմաց միաձոյլ զանգուածի մը կը վերածէ բովանդակ ժողովուրդ մը:
Հայրենիք կառուցողներէն պակաս հմայք չունի ի վերջոյ դարերու մրրիկին մէջ անհետ կորսուած անանուն այն գեղջուկը, որ գլխահակ, երբեմն գետնատարած սպասեց աւերակեալ մայր հողին վրայ, մինչեւ որ մարի հռոմէական այրուձիին խրոխտ ձայնը, մինչեւ որ հայոց հորիզոնէն անհետանան պարսիկներու վարձու փիղերը, անցնին սելճուքները, մոնկոլները, մոնկոլներուն միւս թեւը, մինչեւ որ չքանան ամէնքը ու մնայ ինք, կտակելու համար իր աւերակը որդւոյն, թորան, թոռնորդիներուն, հասցնէ զայն մեզի: Ու գեղջուկին պէս` զինուորը, զինուորին պէս` ֆետային, աղօթողը, արարողը, այն ամէնքը, որոնք հուրին ու սուրին հակառակ` կառչած մնացին Արգիշտիի նախասիրած հողին, Արտաշէսի միաւորած հողին, Մեսրոպի հանճարով լուսաւորուած հողին, Մամիկոնեաններու արիւնով յագեցած հողին, Բագրատունիներու խոհականութեամբ հարստացած հողին ու յաջորդ սերունդներուն պաշտամունքով սրբագործուած հողին:
Երեւանի հիմնադիրին ընծայուած յարգանքին ընդմէջէն` մեր ժողովուրդը կը փառաբանէ այսօր իրենց քրտինքով ու արիւնով, իրենց զրկանքով ու աստուածային յամառութեամբ ՀԻ՛ՄԸ դարէ դար պահած ամէն հայու յիշատակը, այսօր տօնն է ամէնուն, տօն ամենայն հայոց…
Պ. Ս.
