Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ ( 1 Նոյեմբեր 1968)

November 1, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գրական Խնդիրներ

Սկսնակներուն Հետ

Տակաւին պատանի, բայց բանաստեղծութեան սիրով բռնկած` աշակերտական գրասեղաններուն վրայէն օր մը փորձութիւնը ունեցայ Յ. Օշականին ներկայացնելու երկար ոտանաւոր մը: Իմ համոզումով գրուածքս արժանի էր գնահատանքի` շողշողուն պատկերներ, խնամքով ընտրուած բառեր, յաջող տաղաչափութիւն եւ վերամբարձ ներշնչում: Յուզումով սպասեցի անուանի քննադատի կարծիքին: Այն հաւատքը ունէի, որ պիտի գար զիս շնորհաւորէր եւ պիտի խորհուրդ տար, որ բանաստեղծութիւնս ղրկեմ թերթի մը` տպագրելու համար: Ի՜նչ մեծ եղաւ յուսախաբութիւնս, երբ դասարանէն ներս մտնելով` խօսքը ինծի ուղղեց եւ ըսաւ.

– Չորպաճի՛, ոտանաւորդ կարդացի. Սիպիլ, Որբերեան եւ քիչ մըն ալ Մեծարենց կը հոտի. դեռ շա՜տ օդային ես. ոտքերդ ամուր դիր հողին վրայ եւ այնպէս քալէ: Լաւ կ՛ընես, որ պատռես այս «գոհարդ», գրես եւ նորէն պատռես, կարդաս, սերտես եւ խոկաս…

Այնուհետեւ, դառնալով դասարանին, Օշական բացատրեց, որ բանաստեղծութիւնը ամէնէն դժուար սեռն է գրականութեան, որ` լուրջ աշխատանք, խտութիւն եւ խստապահանջութիւն կը պահանջէ, որ` իրական եւ անկեղծ ապրումներէ պէտք է բխի, որ` արիւնով պէտք է գրուի, ինչպէս գրուած են Դուրեանի տաղերը: Իբրեւ եզրակացութիւն` բացագանչեց:

– Տիրացունե՛ր, հաւատքով եւ երկիւղածութեամբ մօտեցէք արուեստի տաճարին…

Ես, ի հարկէ, մինչեւ ականջներս կարմրած` դժգոհ էի վարպետին վերաբերումէն: Կը խորհէի, որ կա՛մ լաւ չէ կարդացած գրութիւնս, կա՛մ լաւ չէ հասկցած: Արդէն, ե՞րբ բան մը հաւնած էր որ… Հիները ե՞րբ կրցած են գնահատել նորերուն տաղանդը…

Այն ատեն մենք համարձակութիւնը չունէինք պատասխանելու. ուստի լռեցի` համոզուած, որ Օշական ոտնակոխ կ՛ընէր հայ բանաստեղծութեան նորաբողբոջ ծիլերը եւ այս ձեւով ծանր հարուած մը կու տար հայ գրականութեան:

Տարիներ անցած են այս դէպքին վրայէն. վարպետին ոսկորները` հող դարձած, բայց իր բառերը միշտ կը հնչեն ականջիս. «Տիրացունե՛ր, երկիւղածութեամբ մօտեցէք արուեստի տաճարին»:

Այս խօսքերը պատգամային արժէք կը ստանան մանաւանդ այն բոլոր առիթներուն, երբ խնդրոյ առարկայ կը դառնայ սկսնակ  գրողները քաջալերելու հարցը:

Բարեբախտութիւն է, որ մուսաները դարպասող պատանիներ ունինք: Յուզիչ է նոյնիսկ տեսնել, որ սփիւռքի օտար երդիքներուն տակ, տարագրութենէն կէս դար ետք, հայ գրականութեան սպասարկող նոր «տիրացուներ» երեւան կու գան:

Ի՞նչ դիրք բռնել այս սկսնակներուն, այս թանկագին յոյսերուն հանդէպ: Գովաբանե՞լ, քննադատե՞լ, անտարբե՞ր մնալ եւ սպասել, որ աճին…

Անտարբերութիւնը ամէնէն բացասական երեւոյթն է ստեղծագործութեան մարզին մէջ: Արուեստի իւրաքանչիւր արտայայտութիւն հոգիէ մը կը ծնի եւ ուրիշ հոգիներու հաղորդութեան կը յանձնուի. հետեւաբար արձագանգի կը սպասէ: Հոն, ուր լռութիւն կը տիրէ, հոն կրնայ նաեւ ստեղծագործական կենդանութիւնը վերջ գտնել:

Սկսնակները մասնաւորապէս կը սպասեն գնահատութեան երկու խօսքի` իրենց ինքնավստահութիւնն ու ժպիտը գտնելու համար: Կը սպասեն, որ մարդիկ գտնուին իրենց շուրջ եւ ըսեն. «Գրածդ կարդացի, լաւ էր, շարունակէ»: Այսքանը բնական պահանջ է եւ հոգիի անհրաժեշտ սնունդ:

Սակայն ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր մամուլին եւ գրախօսողներուն վերաբերումը:

Մեր իրականութեան մէջ կարծես թէ այս հարցը իր լուծումը գտած է ինքնաբեր շռայլութեամբ մը. քաջալերե՜լ, քաջալերե՜լ, որպէսզի նորերը չխամրին: Այդպէս ալ կ՛ընէ հայ թերթերուն կարեւոր մէկ մասը, հրատարակելով ոտանաւորներ, որոնք դեռ պէտք էր սպասէին հասուննալու համար, գովելով ու գովաբանելով շնորհքի կայծեր, որոնք հազիւ արծարծած` կը մարին արդէն:

Սկսնակներով հետաքրքրուիլն ու զբաղիլը լուրջ խնդիր է: Գուրգուրանքով, այլեւ հասկացողութեամբ պէտք է մօտենալ անոնց առաջին փորձերուն: Թերութիւններու մատնանշումը, տգեղութիւններու ձաղկումը, տկարութիւններու յայտնաբերումը ոչ միայն դէմ չեն «քաջալերանք»-ի ոգիին, այլ նաեւ` անհրաժեշտ պարտականութիւն: Սկսնակը ինչպէ՞ս պիտի կշռէ իր ուժերը եւ ինչպէ՞ս պիտի գտնէ իր ճամբան, եթէ արուեստի բծախնդրութեամբ տառապող հասուն գրիչներ չգտնուին ուղղութիւն տուող:

Նորահաս գրողներուն համար բարիք մը չէ շռայլաբան գովասանքը: Կրնայ նոյնիսկ աւերներ գործել` անտաղանդները մղելով ինքնահաւան բաւականութիւններու եւ փակելով ուղին ամէն յառաջդիմութեան:

Ո՞վ կրնայ ժխտել, որ պատասխանատուները նոյն ատեն պարտականութիւնը ունին յաջողած կտորի մը գեղեցկութիւնը մատնանշելու` արուեստի նոյն բծախնդրութեամբ:

Յամենայն դէպս ո՛չ մէկ անպատեհութիւն կայ ճշմարտութիւնը շեշտելուն մէջ: Կողմնակի նկատումներ տեղ չունին գեղարուեստական ստեղծագործութիւններու պարագային, ըլլան անոնք ծիլ թէ ծաղկաբաց ծառ:

Սկսնակի մը համար քաջութիւն եւ առաքինութիւն է, իր նախափորձերը պատռել գիտնալը: Լոյս տեսնելու աճապարանքները շատ անգամ սայթաքեցնող փորձութիւններ են:

Իմ սերունդիս համար, որ դէպի մայրամուտ կը հակի, ուրախութիւն է տեսնել նորածագ ճառագայթներ: Այս մասին ո՛չ մէկ կասկած: Բայց կը խորհիմ նաեւ, որ իրաւունք ունէր Յ. Օշական, երբ իր աշակերտներուն կը թելադրէր օդային մարզանքներէ հրաժարիլ, ոտքերը ամուր դնել հողին վրայ եւ տեւաբար ձգտիլ կատարելագործման` ընթերցումի, խոկումի եւ աշխատանքի ճամբով:

Համբաւը աճապարանքով չի շահուիր: Ծափն ու գովասանքը դեռ մինչեւ այսօր մէկ հատիկ բանաստեղծ չեն կրցած ստեղծել:

Մ. ԻՇԽԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Իրանահայ Թալին Մանսուրեանը` Պատասխանատու Պաշտօնի Վրայ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.