Մարզական

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Շեպիպէ Շիահ` 63-44

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի մրցումները աւարտեցան երէկ գիշեր եւ անոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ յստակացան ֆայնըլ-ֆորի մրցումներուն իրենց տոմսերը ապահովող խումբերը: ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Շեպիպէ Շիահը, 63-44 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց (22-6, 14-12, 14-14 եւ 13-12): ՀՄԸՄ-ի կէտերը նշանակեցին Ժիւըլ Թանսթալ (24), Սանտրա Նաժըմ, Այտա Պախոս (13-ական),...

Յատուկ Մամլոյ Ասուլիս` «Մոթօ-Ճիմքանա»-ի Շուրջ

Լուսանկարը` «SMG» production-ի «Լը Ռոյալ» պանդոկին մէջ (Տըպպայէ) տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարուեցաւ, որ 14 մայիսին Ֆուատ Շեհապի անուան մարզահամալիրին շրջափակին մէջ (Ժունիէ) տեղի պիտի ունենայ մոթոսայքլինկի «Մոթօ-Ճիմքանա» մրցումը` Լիբանանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով: Մամլոյ ասուլիսին ներկայ էին ներքին ապահովութեան ուժերու ներկայացուցիչը, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Քախիա, Լիբանանի մոթոսայքլինկի ֆետերասիոնի նախագահ, Ասիոյ ֆետերասիոնի նախագահ եւ Արեւմտեան Ասիոյ...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ 22 յուլիս 2017-ին տեղի պիտի ունենան նոր ֆետերասիոնին ընտրութիւնները: Ֆետերասիոնը յայտնեց, որ հինգ մրցումներու շուրջ հետաքննութիւններու սկսած է: Այդ մրցումներն են` Սաֆա - Ախա Ահլի Ալէյ, Նեպի Շիթ - Շապապ Սահել, Ռիատա Ուալ Ատապ - Սաժես, Շապապ Թրիփոլի - Անսար Հըուարա եւ Մաժըտ Թրիփոլի - Հիլալ Հարեթ Նաամէ: Ֆետերասիոնը 3...

Փինկ Փոնկ. Ղատիր Ժըպշիթ Բարձրացաւ Ա. Դասակարգ

Նախանցեալ քանի մը օրերուն Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցան Լիբանանի փինկ փոնկի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումները: Այդ մրցումներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին բոլոր նահանգներէն խումբեր, որոնք գրաւած էին առաջին դիրքերը: Բ. դասակարգի ախոյեան հանդիսացաւ Ղատիր Ժըպշիթ խումբը եւ իրաւունք ստացաւ յառաջիկայ տարեշրջանին բարձրանալու Ա. դասակարգ: 2-րդ դիրքը գրաւեց Անդրանիկ Պէյրութ, իսկ 3-րդ դիրքը` Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմա:

Միհրան Յարութիւնեան. «Հայ Ազգի Համախմբուածութիւնը Ինծի Շատ Զարմացուց»

Ռիօ-2016-ի ողիմպիականի փոխախոյեան Միհրան Յարութիւնեան, որ վերջին շրջանին կը գտնուէր Միացեալ Նահանգներ, պատմեց այդտեղ գտնուած միջոցին իր ունեցած տպաւորութիւններուն մասին: «Ինծի շատ զարմացուց այն, թէ որքա՛ն համախմբուած է հայ ազգը: Նոյնիսկ հոս` Լոս Անճելըսի մէջ, մարդիկ ժամանակ ունեցան եւ ճամբայ իջնելով աջակցեցան իրարու: Հայերը իսկապէս ուժեղ ազգ են, եւ կը պայքարին իրենց պատիւին համար: Անկեղծօրէն հպարտ եմ, որ կը պատկանիմ...

Անգլիական Ֆութպոլ. Մանչեսթըր Քաղաքի Տերպին Աւարտեցաւ Հաւասարութեամբ (0-0)

Հենրիխ Մխիթարեան Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 34-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, երէկ գիշեր տեղի ունեցաւ Մանչեսթըր քաղաքի տերպին` Սիթիի եւ Եունայթըտի միջեւ, 54 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան: Անիկա աւարտեցաւ 0-0 հաւասարութեամբ, երբ մրցումին 97-րդ վայրկեանին օրուան կեդրոնի իրաւարարը` Մարթին Աթքինսըն, սուլեց մրցումին աւարտը: Եունայթըտէն Մարուան Ֆելլայնի դաշտէն վտարուեցաւ, երբ մէկ վայրկեանի մէջ ստացաւ երկու դեղին քարտ: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան...

Թենիս. Շարափովայի Յաղթական Վերադարձը

Ռուս թենիսվումըն Մարիա Շարափովա, որ թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ կախակայուած էր` արգիլեալ դեղերու գործածութեան պատճառով, վերադառնալով թենիսի դաշտերը ունեցաւ յաղթական վերադարձ մը: 30 տարեկան Շարափովա, որ 15 ամիսով կախակայուած էր, Շթութկարթի թենիսի միջազգային մրցաշարքի Ա. հանգրուանին յաջողեցաւ յաղթել իտալացի Ռոպերթա Վինչիին` 7-5 եւ 6-3 արդիւնքով: Բ. հանգրուանին Շարափովայի մրցակիցը պիտի ըլլայ անոր ազգակիցը` Եգաթերինա Մաքարովա:

Քաւանի Երկարաձգեց Իր Պայմանագրութիւնը

Փարիզ Սեն Ժերմենի ուրուկուէյցի յառաջապահ Էտինսոն Քաւանի մինչեւ 2020 երկարաձգեց իր պայմանագրութիւնը իր ակումբին հետ: Ակումբի նախագահ Նասեր Խելայֆի յայտնեց, որ Քաւանի այժմ կը նկատուի Եւրոպայի լաւագոյն յառաջապահներէն մէկը: Քաւանի, որ 2013-ին միացաւ Սեն Ժերմենի, «Լիկ-1»-ի 32 մրցումներուն ընթացքին ցարդ նշանակած է 31 կոլ:  

Պարսելոնայի Դէմ Տեղի Ունեցած Մրցումէն Ետք. Ռէալ Մատրիտ Իր 357 Համակիրները Զրկեց Ակումբին Անդամակցութենէն

«Մարքա» կը յայտնէ, որ Ռէալ Մատրիտ որոշեց իր 357 համակիրները զրկել ակումբին անդամակցութենէն եւ չեղեալ նկատել անոնց ձեռք ձգած տոմսերն ու տեղերը, զորս անոնք ունէին «Սանթիակօ Պեռնապէօ» մարզադաշտին թրիպիւններուն վրայ: Այս որոշումը տրուեցաւ Ռէալ Մատրիտ - Պարսելոնա «Քլասիքօ»-ի մրցումէն ետք («Լա լիկա», 33-րդ հանգրուան)` նկատի ունենալով, որ անոնք իրենց այդ տեղերը այդ մրցումին համար բաւական սուղ գիներով ծախած էին Պարսելոնայի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Պիպլոս – ՀՄԸՄ` 79-80

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Շեպիպէ Շիահ

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան, խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր երեկոյեան ժամը 19:30-ին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը կատարէ իր վերջին մրցումը, երբ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Շեպիպէ Շիահը: Նշենք, որ խմբակներու դրութեամբ վերջ գտած մրցումներէն ետք կը սկսին փլէյ-օֆի (ֆայնըլ-ֆոր) մրցումները: ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Յաջորդաբար Երկրորդ Տարին Ըլլալով Ապահովեց Ֆայնըլ-Ֆորի Իր Տոմսը` 3-0 Արդիւնքով Գերազանցելով Շանվիլը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-էյթի մրցումները թէեւ ցարդ կը շարունակուին, բայց ՀՄԸՄ հանդիսացաւ առաջին խումբը, որ ապահովեց ֆայնըլ-ֆորի մրցումներուն իր տոմսը, շնորհիւ իր արձանագրած երրորդ յաջորդական յաղթանակին, իր մրցակիցին` Շանվիլի նկատմամբ: ՀՄԸՄ, որ երրորդ մրցումին 90-82 արդիւնքով յաղթեց եւ 3-0 արդիւնքով գերազանցեց Շանվիլը, ցարդ կը մնայ միակ խումբը, որ իր դաշտին վրայ պարտութիւն չէ կրած: Նշենք, որ ֆայնըլ-ֆորի...

Իր Յաղթանակէն Ետք.  Արթուր Աբրահամ. «Աշխարհը Պէտք Է Ճանչնայ  Եւ Դատապարտէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը»

Իր Յաղթանակէն Ետք. Արթուր Աբրահամ. «Աշխարհը Պէտք Է Ճանչնայ Եւ Դատապարտէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը»

Արհեստավարժ կռփամարտիկ, միջին կարգի «Տապլիու Պի. Օ.»-ի վարկածով աշխարհի նախկին ախոյեան Արթուր Աբրահամ նախորդ շաբաթավերջին գերմանական Էրֆուրտ քաղաքին մէջ ճակատեցաւ Ռոպին Քրասնիքիի դէմ (Լեհաստան): 12 ռաունտ մենամարտելով` 37 տարեկան Արթուր Աբրահամ յաղթեց կէտերու առաւելութեամբ` 110-118, 114-115 եւ 111-117 արդիւնքով: Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Աբրահամ իրաւունք ստացաւ յառաջիկային մենամարտելու մեքսիքացի Խիլպերթօ Ռամիրեզի դէմ: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Աբրահամ News.as-Sport-ի...

Հենրիխ Մխիթարեան Անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ եւ Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան յարգեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը: Հայրենի ֆութպոլիստը «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման վերաբերող լուսանկար մը տեղադրելով գրած է. «24 ապրիլ 1915... Հայաստանի պատմութեան սեւ օրը: Իմ միտքերս իմ հայրենակիցներուս հետ են»:  

Սայտայի Մարաթոն. «Յաղթանակս Կը Նուիրեմ Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերուն» Ըսաւ Լեւոն Թաշճեան

Կիրակի, 23 ապրիլ 2017-ին, Սայտայի քաղաքապետութիւնը առաջին անգամ ըլլալով կազմակերպած էր մարաթոնի մրցում մը` 42.195 քմ վազքի: Այս մարաթոնը կը վայելէր երեսփոխան Պահիա Հարիրիի հովանաւորութիւնը: Մարաթոնին նշանաբանն էր «Վազենք խաղաղութեան ու զարգացման համար»: 42.195 քմ վազքի մրցումին կը մասնակցէին 15 հազարէն աւելի երկսեռ մարզիկներ` օտար երկիրներէ եւ Լիբանանէն: Մարզիկները վազքը սկսան ներկայութեամբ քաղաքական եւ միութենական անձնաւորութիւններու, ինչպէս զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս...

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Հուփս` 48-37

Առ ի պատրաստութիւն Լիբանանի աղջկանց պասքեթպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանին, նախորդ շաբաթավերջին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը մրցեցաւ Հուփսի դէմ` վերջինիս դաշտին վրայ (օդակայանի ճամբան): ՀՄԸՄ-ի աղջիկները բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալով յաղթեցին 48-37 արդիւնքով, հակառակ անոր որ Ա. կիսախաղին ուշացած էին երեք կէտի տարբերութեամբ (34-31):  

Քարթինկ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Շանթ Էթիեմեզեան Եւ Քարլ Էթիեմեզեան Հանդիսացան Երկրորդ

Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի նախորդ շաբաթավերջին «Ար. Փի. Էմ.»-ի վազքուղիին վրայ (Մըթէյն) տեղի ունեցան Լիբանանի քարթինկի 2017 տարեշրջանի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումները: Մեծերու դասաւորման մէջ, Շանթ Էթիեմեզեան գրաւեց երկրորդ դիրքը` սպանացի ախոյեան Այթոր Ֆապապուի ետին, երրորդ դիրքը գրաւեց Եուսեֆ Ժամմալ, իսկ չորրորդ դիրքը` Հրայր Խաչատուրեան: Պէտք է նշել, որ Ա. հանգրուանի այս մրցումին (ընդամէնը` 18 լեփ), Շանթ Էթիեմեզեան մինչեւ...

Պլանփենի Ինքնաշարժի Մրցումներու Ախոյեանութիւն. Ալեքս Տեմիրճեան Լիբանանին Ապահովեց Առաջնութիւն Մը` Անոր Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով

  Նախորդ շաբաթավերջին Մոնզայի (Իտալիա) վազքուղիին վրայ տեղի ունեցաւ Պլանփենի ինքնաշարժներու մրցումներու ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցաւ Ա. հանգրուանի մրցումը: Լիբանանեան խումբը, որ առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցէր այս ախոյեանութեան, «Լիբանան կը կանչէ քեզ» անուան տակ յաջողեցաւ պատմութիւն կերտել, շնորհիւ լիբանանահայ անուանի եւ փորձառու վարորդ Ալեքս Տեմիրճեանի, որ բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը ունեցաւ: Այս յաղթանակը, այդքան ալ դիւրին չեղաւ` նկատի ունենալով,...

Ռոնալտինիօ Հասաւ Լիբանան

Ինչպէս ծանօթ է, այս շաբաթավերջին, Լիբանան կը հիւրընկալէ «Քլասիքօ»-ի մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ պիտի ճակատին Պարսելոնայի եւ Ռէալ Մատրիտի վեթերան ֆութպոլիստները: Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ Քամիլ Շամունի անուան մարզադաշտին վրայ: Անոր իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն երկու խումբերուն անցեալի ֆութպոլիստները, որոնք ունեցած են իրենց փառքի օրերը այդ խումբերուն հետ: Երէկ կէսօրին Լիբանան հասնող առաջին ֆութպոլիստը եղաւ Պարսելոնայի անցեալի ֆութպոլի...

Պասքեթպոլ. Լիբանանի Կրտսերներու Հաւաքականը Արժանացաւ Ջերմ Ընդունելութեան

PROFOTO Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին, Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ աւարտեցաւ Արեւմտեան Ասիոյ տղոց կրտսերներու (16 տարեկանէն վար) ախոյեանութիւնը: Հիւրընկալ երկրին` Իրանի հետ Ասիոյ ախոյեանութեան իր տոմսը ապահովեց նաեւ Լիբանան, որ գրաւեց երկրորդ դիրքը: Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ լիբանանեան պատուիրակութիւնը արժանացաւ ջերմ ընդունելութեան. մարզիկներուն դիմաւորելու եկած էին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Քախիա, ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզք, Լիբանանի պասքեթպոլի ազգային...

Արեւմտեան Ասիոյ Կրտսերներու Ախոյեանութիւն. Իրան Եւ Լիբանան Ապահովեցին Ասիոյ Ախոյեանութեան Իրենց Տոմսերը

Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ երէկ աւարտեցաւ Արեւմտեան Ասիոյ տղոց կրտսերներու (16 տարեկանէն վար) ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցաւ գագաթի ճակատումը հիւրընկալ երկրին` Իրանի եւ Լիբանանի միջեւ: Իրան քիչ մը դժուարութեամբ յաղթեց Լիբանանի` 72-64 արդիւնքով (21-18, 37-31, 54-40 եւ 72-64): Այսպիսով, Լիբանան կրեց իր միակ պարտութիւնը, մինչ Իրան արձանագրեց իր չորրորդ յաղթանակը: Երկու խումբերն ալ յաջողեցան ապահովել Ասիոյ կրտսերներու ախոյեանութեան իրենց տոմսերը:...

Page 984 of 1277 1 … 983 984 985 … 1,277

Արխիւներ