Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 34-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, երէկ գիշեր տեղի ունեցաւ Մանչեսթըր քաղաքի տերպին` Սիթիի եւ Եունայթըտի միջեւ, 54 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան:
Անիկա աւարտեցաւ 0-0 հաւասարութեամբ, երբ մրցումին 97-րդ վայրկեանին օրուան կեդրոնի իրաւարարը` Մարթին Աթքինսըն, սուլեց մրցումին աւարտը:
Եունայթըտէն Մարուան Ֆելլայնի դաշտէն վտարուեցաւ, երբ մէկ վայրկեանի մէջ ստացաւ երկու դեղին քարտ:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան այս մրցումին Եունայթըտի հետ դաշտ ներկայացաւ 86 վայրկեան: