Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Յաջորդաբար Երկրորդ Տարին Ըլլալով Ապահովեց Ֆայնըլ-Ֆորի Իր Տոմսը` 3-0 Արդիւնքով Գերազանցելով Շանվիլը

April 27, 2017
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-էյթի մրցումները թէեւ ցարդ կը շարունակուին, բայց ՀՄԸՄ հանդիսացաւ առաջին խումբը, որ ապահովեց ֆայնըլ-ֆորի մրցումներուն իր տոմսը, շնորհիւ իր արձանագրած երրորդ յաջորդական յաղթանակին, իր մրցակիցին` Շանվիլի նկատմամբ:

ՀՄԸՄ, որ երրորդ մրցումին 90-82 արդիւնքով յաղթեց եւ 3-0 արդիւնքով գերազանցեց Շանվիլը, ցարդ կը մնայ միակ խումբը, որ իր դաշտին վրայ պարտութիւն չէ կրած:

Նշենք, որ ֆայնըլ-ֆորի մրցումներուն ՀՄԸՄ իր դէմ պիտի ունենայ Մութթահետ – Լուէյզի մրցումին յաղթականը:

Շանվիլի դէմ տեղի ունեցած այս երրորդ մրցումին, ՀՄԸՄ մինչեւ 20 կէտի առաւելութիւն մըն ալ ունեցաւ (56-36):

Սակայն նկատի ունենալով, որ Շանվիլ մինչեւ իր վերջին շունչը կը պայքարէր, յաջողեցաւ կէտերու տարբերութիւնը նուազեցնել մինչեւ 8-ի, առանց սակայն կարենալ յաղթանակ արձանագրելու:

Այսպիսով, ՀՄԸՄ յաջորդաբար երկրորդ տարեշրջանն ըլլալով ապահովեց ֆայնըլ-ֆորի մրցումներուն իր տոմսը:

Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ֆետի Խաթիպ` 24 կէտ (ներառեալ` 3 թրի փոյնթ), մինչ Աթեր Մաճոք տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (20 կէտ եւ 16 ռիպաունտ): Քեւին Կալոուէյ թէեւ միայն 6 կէտ նշանակեց, սակայն կատարեց 15 էսիսթ:

Իր կարգին, տպաւորիչ ելոյթ ունեցաւ նաեւ Հայկ Կէօքճեան, որ նշանակեց 5 թրի փոյնթեր (ընդամէնը` 18 կէտ): Տուայն Ճեքսըն նշանակեց 14 կէտ:

Այս մրցումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հայաստանէն նոր ժամանած Արմէն Գրիգորեան, իր մարզիչին` Գոռ Գէորգեանի հետ:

Գրիգորեան շաբաթ, 29 ապրիլին «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք) իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ «Ֆինիքս-2» մենամարտի մրցումներուն (Մուայ թայ):

Ներկաներուն շարքին էր նաեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան:

Նշենք, որ երէկ որեւէ մրցում տեղի չունեցաւ:

Այսօր, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, Ժիպէյլի մէջ Պիպլոս կը հիւրընկալէ Թատամոնը: Այժմ արդիւնքը կ՛ընթանայ 1-1 հաւասարութեամբ:

 

 

Նախորդը

Իր Յաղթանակէն Ետք. Արթուր Աբրահամ. «Աշխարհը Պէտք Է Ճանչնայ Եւ Դատապարտէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը»

Յաջորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Շեպիպէ Շիահ

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Արապի Աքքար
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Արապի Աքքար

September 19, 2026
Լիբանանի Երիտասարդներու  Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ – Ռասինկ
Մարզական

Լիբանանի Երիտասարդներու Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ – Ռասինկ

September 19, 2026
Ճատրակ.  Հայաստանի Հաւաքականները  Յաղթանակ Մը Եւս Արձանագրեցին
Մարզական

Ճատրակ. Հայաստանի Հաւաքականները Յաղթանակ Մը Եւս Արձանագրեցին

September 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.