Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի նախորդ շաբաթավերջին «Ար. Փի. Էմ.»-ի վազքուղիին վրայ (Մըթէյն) տեղի ունեցան Լիբանանի քարթինկի 2017 տարեշրջանի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումները:
Մեծերու դասաւորման մէջ, Շանթ Էթիեմեզեան գրաւեց երկրորդ դիրքը` սպանացի ախոյեան Այթոր Ֆապապուի ետին, երրորդ դիրքը գրաւեց Եուսեֆ Ժամմալ, իսկ չորրորդ դիրքը` Հրայր Խաչատուրեան:
Պէտք է նշել, որ Ա. հանգրուանի այս մրցումին (ընդամէնը` 18 լեփ), Շանթ Էթիեմեզեան մինչեւ 12-րդ լեփը կը գրաւէր առաջին դիրքը:
Յամենայն դէպս, Ա. հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ Շանթ Էթիեմեզեան կը գրաւէ առաջին դիրքը` նկատի ունենալով այն օրէնքը, որ մասնակից օտար վարորդները որեւէ կէտ չեն ապահովեր այս ախոյեանութենէն:
Ինչ կը վերաբերի կրտսերներու Ա. հանգրուանի մրցումին, 12 տարեկան Քարլ Էթիեմեզեան իր կարգին տպաւորիչ արդիւնք ձեռք ձգելով գրաւեց երկրորդ դիրքը:
Կ՛ակնկալուի, որ հայ վարորդները յաջորդ` Բ. հանգրուանի մրցումներուն խլեն պարագլուխի դիրքերը: