Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ երէկ աւարտեցաւ Արեւմտեան Ասիոյ տղոց կրտսերներու (16 տարեկանէն վար) ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցաւ գագաթի ճակատումը հիւրընկալ երկրին` Իրանի եւ Լիբանանի միջեւ:
Իրան քիչ մը դժուարութեամբ յաղթեց Լիբանանի` 72-64 արդիւնքով (21-18, 37-31, 54-40 եւ 72-64):
Այսպիսով, Լիբանան կրեց իր միակ պարտութիւնը, մինչ Իրան արձանագրեց իր չորրորդ յաղթանակը: Երկու խումբերն ալ յաջողեցան ապահովել Ասիոյ կրտսերներու ախոյեանութեան իրենց տոմսերը:
Այսօր, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը վերադառնայ Պէյրութի միջազգային օդակայան:



