«Լը Ռոյալ» պանդոկին մէջ (Տըպպայէ) տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարուեցաւ, որ 14 մայիսին Ֆուատ Շեհապի անուան մարզահամալիրին շրջափակին մէջ (Ժունիէ) տեղի պիտի ունենայ մոթոսայքլինկի «Մոթօ-Ճիմքանա» մրցումը` Լիբանանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով:
Մամլոյ ասուլիսին ներկայ էին ներքին ապահովութեան ուժերու ներկայացուցիչը, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Քախիա, Լիբանանի մոթոսայքլինկի ֆետերասիոնի նախագահ, Ասիոյ ֆետերասիոնի նախագահ եւ Արեւմտեան Ասիոյ ֆետերասիոնի նախագահ Ալի Տաղեր, վարորդներ, տարբեր միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մարզական լրագրողներ:
Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ «Մոթօ-Ճիմքանա»-ի հիմնադիր Ֆրանսուա Սալամէ խօսք առնելով ըսաւ, որ այս մրցումը առաջին անգամ ըլլալով տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի մէջ, թէեւ անիկա Ճափոնի մէջ հիմնուեցաւ 1975-ին եւ կը վայելէ մեծ ժողովրդականութիւն:
Ան բոլորը հրաւիրեց ներկայ գտնուելու այս բացառիկ իրադարձութեան:
Իսկ Ալի Տաղեր խօսք առնելով ըսաւ, որ անիկա բաւական լաւ սերտուած մրցաշարք մըն է եւ որեւէ վարորդի վտանգ չի սպառնար` նկատի ունենալով, որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը առանձին կը մրցի: