Փարիզ Սեն Ժերմենի ուրուկուէյցի յառաջապահ Էտինսոն Քաւանի մինչեւ 2020 երկարաձգեց իր պայմանագրութիւնը իր ակումբին հետ:
Ակումբի նախագահ Նասեր Խելայֆի յայտնեց, որ Քաւանի այժմ կը նկատուի Եւրոպայի լաւագոյն յառաջապահներէն մէկը:
Քաւանի, որ 2013-ին միացաւ Սեն Ժերմենի, «Լիկ-1»-ի 32 մրցումներուն ընթացքին ցարդ նշանակած է 31 կոլ: