Ինչպէս ծանօթ է, այս շաբաթավերջին, Լիբանան կը հիւրընկալէ «Քլասիքօ»-ի մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ պիտի ճակատին Պարսելոնայի եւ Ռէալ Մատրիտի վեթերան ֆութպոլիստները:
Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ Քամիլ Շամունի անուան մարզադաշտին վրայ:
Անոր իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն երկու խումբերուն անցեալի ֆութպոլիստները, որոնք ունեցած են իրենց փառքի օրերը այդ խումբերուն հետ:
Երէկ կէսօրին Լիբանան հասնող առաջին ֆութպոլիստը եղաւ Պարսելոնայի անցեալի ֆութպոլի աստղ, պրազիլցի Ռոնալտինիօ:
Կ՛ակնկալուի, որ Սպանիոյ երկու անուանի ակումբներուն միջեւ տեղի ունենալիք այս ճակատումը ըլլայ բաւական հետաքրքրական:
Նշենք, որ այս մրցումը կազմակերպուած է «Էլ. Էմ. Էս.» ընկերութեան կողմէ: