Մարզական

Իպրահիմովիչի Վիրաբուժութիւնը Անցաւ Յաջող. Ան Պիտի Չաւարտէ Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Մանչեսթըր Եունայթըտի շուէտացի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ ունեցաւ ծունկի յաջող վիրաբուժութիւն մը, այս գծով յայտնեց անոր գործակատարը` Մինօ Ռայոլա: 35 տարեկան Իպրահիմովիչ լաւապէս ապաքինելու համար, ըստ նախնական տուեալներու, պէտք ունի նուազագոյնը 6 ամսուան հանգիստի: «ՏԷՅԼԻ ՄԷՅԼ», մէջբերելով Ռայոլայի խօսքերը, նշեց, որ թէեւ այս առնչութեամբ յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի հաղորդուին յառաջիկային, սակայն շուէտացին մտադիր չէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտել: Նշենք, որ Եունայթըտի...

Թենիս. Նատալ 10-րդ Անգամ Ըլլալով Տիտղոսակիր` Պարսելոնայի Մրցաշարքին

Նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ Պարսելոնայի թենիսի տղոց միջազգային բաց մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտականի մրցումը 3-րդ դասուած սպանացի Ռաֆայէլ Նատալի եւ Տոմինիք Թիեմի (Աւստրիա 4-րդ) միջեւ: 30 տարեկան Նատալ 6-4 եւ 6-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով 10-րդ անգամ ըլլալով (մրցանիշ մը) տիրացաւ այս մրցաշարքի տիտղոսին: Յաղթելէ ետք 23 տարեկան աւստրիացի իր մրցակիցին` Նատալ այսպիսով տիրացաւ իր արհեստավարժ ասպարէզին 71-րդ տիտղոսին:

«Ֆինիքս-2». «Արմէն Գրիգորեան Չկրցաւ Յաղթել Իր Չին Մրցակիցին

Շահէ Երեւանեան Մեծապէս Յաջողեցաւ Իր Առաքելութեան Մէջ Արմէն Գրիգորեան` (ձախին) կշռուելու արարողութեան ընթացքին Աւելի քան վեց հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, շաբաթ, 29 ապրիլին, Նուհատ Նաուֆալի անուան մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցաւ «Ֆինիքս-2»-ի ախոյեանութիւնը` կազմակերպութեամբ «Ֆինիքս Ֆայթինկ Չեմփիընշիփ»-ի որուն նախագահն է Շահէ Երեւանեան: Աւելի քան վեց ժամ տեւած Մուայ Թայի այս ախոյեանութեան տեղի ունեցան տասը տարբեր կշիռքի դասակարգերու ճակատումներ, որոնց ընթացքին իրարու դէմ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Սաժես 20-0 Արդիւնքով Պարտուած Հռչակուեցաւ. Ռիատի Ապահովեց Ֆայնըլ-Ֆորի Մրցումներուն Իր Տոմսը

Երէկուան մրցումէն PROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-էյթի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէին Ղազիրի իր դաշտին վրայ Սաժես հիւրընկալեց Ռիատին: Սաժես, որ 2-1 արդիւնքով ուշացած էր, յաղթանակի մը կարիք ունէր արդիւնքը հաւասարեցնելու եւ հինգերորդ մրցումը պարտադրելու համար: Սակայն այս մրցումը կիսատ մնաց, որովհետեւ Սաժեսի համակիրները իրենց անկարգապահութեամբ պատճառ դարձան մրցումին ընդհատման: Օրուան իրաւարարները պահանջեցին, որ դաշտը պարպուի համակիրներէն,...

Հայաստանի Մէջ Անգլիոյ Դեսպանը Մարզաշապիկ Մը Նուէր Ստացաւ Հենրիխ Մխիթարեանէն

Հայաստանի Մէջ Անգլիոյ Դեսպանը Մարզաշապիկ Մը Նուէր Ստացաւ Հենրիխ Մխիթարեանէն

Sports.news.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի մէջ Անգլիոյ դեսպան Ժիւտիթ Ֆարնուըրթ, անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանէն նուէր ստացած է մարզաշապիկ մը: Դեսպանը «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ անդրադառնալով այս քայլին շնորհակալութիւն յայտնած է ֆութպոլիստին` իր այս նուէրին համար:

«Ֆորմիւլա-1». Պոթաս Արձանագրեց Իր Արհեստավարժ Ասպարէզին Առաջին Յաղթանակը` Ռուսիոյ Մէջ

«Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ Սոչիի մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ կրան փրին (53 լեփ): Մերսետեսի ֆինլանտացի վարորդ Վալթերի Պոթաս, արձանագրելով 1 ժամ 28 վայրկեան եւ 8 երկվայրկեան արդիւնք մը, հանդիսացաւ առաջին, այսպիսով իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով արձանագրելով յաղթանակ մը: Անոր ետին 2-րդ դիրքը գրաւեց «Ֆեռարի»-ի գերմանացի վարորդ Սեպասթիան Վեթել (0'617 ուշ), մինչ լաւագոյն եռեակը...

«Պունտըսլիկա». Պայէրն Միւնիխ Գերմանիոյ Ախոյեան` Յաջորդաբար 5-րդ Անգամն Ըլլալով

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 31-րդ հանգրուանի մրցումներուն Պայէրն Միւնիխ, որ հիւրը եղաւ Վոլֆսպուրկի, 6-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով 27-րդ անգամն ըլլալով հանդիսացաւ Գերմանիոյ ախոյեան: Պայէրն, որ ախոյեանութեան այս տիտղոսը ապահովեց աւարտէն 3 հանգրուան առաջ, յաջորդաբար 5-րդ անգամ ըլլալով կը հանդիսանայ ախոյեան: Այժմ մարզիչ Քարլօ Անչելոթթիի կազմը, որ ունի 73 կէտ, տասը կէտով կը գերազանցէ Լայփցիկը, որ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը...

Սպանական Ֆութպոլ. Պարսելոնա Եւ Ռէալ Մատրիտ` Յաղթական

Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա Լիկա»-ի 35-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Պարսելոնա եւ Ռէալ Մատրիտ յաղթանակներ արձանագրեցին իրենց մրցակիցներուն դէմ, ինչ որ կացութիւնը պահեց անփոփոխ: Պարսելոնա իր ունեցած կոլ-էվըրէյճին շնորհիւ կը գերազանցէ Ռէալ Մատրիտը, որ սակայն յետաձգուած մրցում մը ունի կատարելիք: Պարսելոնա քաղաքի տերպիի մրցումին Պարսելոնա, որ հիւրը եղաւ Էսփանիոլի, 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց` շնորհիւ Լուիս Սուարեզի (50-րդ եւ 87-րդ)...

Անգլիական Ֆութպոլ. Մանչեսթըր Եունայթըտ Չկրցաւ Յաղթել Սուանզիին

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէին Մանչեսթըր Եունայթըտ, որ աւելի քան 75 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան հիւրընկալեց Սուանզին, 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց անոր հետ: Ուէյն Ռունի նշանակեց Եունայթըտի կոլը (45-րդ փենալթիով), մինչ Սուանզի իր հաւասարութեան կոլը նշանակեց 79-րդ վայրկեանին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ իբրեւ պահեստի մարզիկ նկատի առնուած էր, Եունայթըտի հետ դաշտ ներկայացաւ 80-րդ վայրկեանին:

Քլաուտիօ Պրաւօ Այս Տարեշրջանին Այլեւս Պիտի Չօգնէ Մանչեսթըր Սիթիին

Մանչեսթըր քաղաքի տերպիի մրցումին, Սիթիի բերդապահ Քլաուտիօ Պրաւօ, որ Եունայթըտի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (0-0) վիրաւորուեցաւ, այս տարեշրջանին այլեւս պիտի չկարենայ օգնել իր ակումբին, որովհետեւ ան երեք շաբաթ պիտի չկարենայ դաշտ ներկայանալ: Վերոնշեալ մրցումը յետաձգուած էր «Փրեմիեր Լիկ»-ի 26-րդ հանգրուանէն: Նշենք, որ չիլիցի 34 տարեկան բերդապահը 22 մրցումի ընթացքին իր բերդին մէջ ստացաւ միայն 26 կոլ, իսկ վերջին 6 մրցումին...

Արժանթինի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Մաուրօ Գեւգէօզեանի Առաջին Տուպլէն

Արժանթինի ֆութպոլի ախոյեանութեան 22-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Աթլեթիքօ Թեմփերլէյ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Ռասինկ Քլապը, 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Յաղթական կազմին հետ տուպլէ մը իրագործեց Մաուրօ Գեւգէօզեան, առաջինը` 2-րդ, իսկ երկրորդը` 85-րդ վայրկեանին: 30 տարեկան ուրուկուէյահայ յառաջապահը, որ այսպիսով նշանակեց իր 4-րդ կոլը, Արժանթինի ֆութպոլի ախոյեանութեան իր առաջին տուպլէն իրագործեց: Ան նախորդ յունուարին քոլոմպիական Աթլեթիքօ Պուքարամանկայէն միացաւ արժանթինեան ակումբին:

«Ֆինիքս-2»-ը Լիբանանի Մէջ. «Մեծ Յոյսով Եմ, Որ Բարձր Պիտի Պահեմ Հայաստանի Անունը Եւ Յաղթեմ Մրցակիցիս» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Արմէն Գրիգորեան

Հարցազրոյցը վարեց` ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ Ինչպէս ծանօթ է, շաբաթ 29 ապրիլին, «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրը կը հիւրընկալէ «Ֆինիքս-2»-ի Մուայ-թայի միջազգային մրցաշարքը, որուն կը մասնակցին բազմաթիւ անուանի մարզիկներ: Անոնց կարգին է նաեւ Հայաստանէն Արմէն Գրիգորեան, որուն կ՛ընկերակցի իր մարզիչը` Գոռ Գէորգեան: Այս առիթով «Ազդակ» յատուկ հարցազրոյց մը ունեցաւ հայրենի մարզիկին եւ մարզիչին հետ: Ստորեւ` այդ հարցազրոյցին շահեկան բաժինները. «ԱԶԴԱԿ».- Նախ բարի գալուստ Լիբանան:...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի 2-1 Արդիւնքով Գերազանցեց Սաժեսը. Վաղը` Չորրորդ Մրցումը

Լուսանկարը` PROFOTO-ի Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց  Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ էյթի ծիրին մէջ, երէկ Մանարայի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Ռիատի-Սաժես երրորդ մրցումը: Ռիատի 86-67 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով (25-25, 43-34, 60-53 եւ 86-67) 2-1 արդիւնքով գերազանցեց Սաժեսը: Վաղը, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, անոնց միջեւ տեղի կ՛ունենայ չորրորդ մրցումը` Ղազիրի մէջ: Երէկուան այս մրցումին, Ռիատիի յաղթանակը գլխաւոր կերտողը հանդիսացաւ Պրանքօ Սվեթքովիչ, որ նշանակեց...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Այսօր` Ռէալ Մատրիտ-Վալենսիա

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Այսօր` Ռէալ Մատրիտ-Վալենսիա

Վաղը` Թոթենհամ-Արսենալ Լոնտոնեան Տերպին Այս շաբաթավերջին կատարուելիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեանց մրցումներուն ծիրին մէջ, Ռէալ Մատրիտ բաւական կարեւոր մրցում մը ունի կատարելիք, երբ այսօր իր դաշտին վրայ հիւրընկալէ Վալենսիան: Թէեւ Վալենսիա այս տարեշրջանին իր այդքան ալ լաւ օրերուն մէջ չի գտնուիր, սակայն ֆութպոլի աշխարհին մէջ որեւէ խումբ որեւէ պահու կրնայ անակնկալ ստեղծել եւ յաղթել իրմէ աւելի զօրաւոր նկատուող կազմի մը: Պարսելոնա,...

Արարատ Մոսկուայի Մրցումէն Առաջ Խումբերը Յարգեցին Հայոց Ցեղասպանութեան Սուրբ Նահատակներուն Յիշատակը

Ռուսիոյ ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան, Մոսկուայի բաժինի մրցաշարքի Գ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Մոսկուայի հայ երիտասարդներու միութեան ստեղծած Արարատ ֆութպոլի ակումբը նուազագոյն հաշիւով պարտուեցաւ Ռուսիչէն: Հայաստանի ազգային հաւաքականի նախկին ֆութպոլիստներ Արտակ Ալեքսանեան եւ Սերկէյ Աւագիմեան Արարատի կազմին հետ մասնակցեցան ամբողջ մրցումին: Նախքան մրցումին սկսիլը, խումբերը մեծ պաստառ մը բռնած յարգեցին Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն յիշատակը: Նշենք, որ նախորդ երկու հանգրուաններու...

«Էն. Պի. Էյ.» – Փլէյ Օֆ. Ռեփթըրզ Եւ Սփըրզ Եւս Ապահովեցին Յաջորդ Հանգրուանի Իրենց Տոմսերը

«Էն.Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան փլէյ-օֆի երկու մրցումներ, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ հինգի բարձրացաւ յաջորդ հանգրուանի իրենց տոմսերը ապահովող խումբերուն թիւը: Քլիվլենտ Քաւալիրզին, Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզին եւ Հիուսթըն Ռոքեթցին եկան միանալու նաեւ Թորոնթօ Ռեփթըրզ եւ Սան Անթոնիօ Սփըրզ, որոնք երէկուան իրենց արձանագրած յաղթանակէն ետք 4-2 արդիւնքով գերազանցեցին իրենց մրցակիցները, յաջորդաբար` Միլուոքի Պաքսը եւ Մեմֆիս Կրիզլիզը: Նշենք,...

Ժերար Պիտի Գլխաւորէ Լիվըրփուլի 18 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Խումբը

Լիվըրփուլի նախկին խմբապետ եւ միջնապահ Սթիւըն Ժերար յառաջիկայ տարեշրջանին պիտի գլխաւորէ ակումբին 18 տարեկանէն վար ֆութպոլի խումբը, յայտնեց Լիվըրփուլի պաշտօնական կայքը: 36 տարեկան անգլիացին, որ նախորդ նոյեմբերին աւարտեց ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը, վերջին շրջանին աշխատանքի անցած էր Լիվըրփուլի ակադեմիային մէջ:  

Պարսելոնայի Նախագահը Ստիպուած Պիտի Ըլլայ Ներկայանալ Դատարան

Պարսելոնայի Նախագահը Ստիպուած Պիտի Ըլլայ Ներկայանալ Դատարան

Սպանիոյ դատարանը մերժեց ընդունիլ Պարսելոնայի նախագահ Եոսիփ Մարիա Փարթոմէուի այն բողոքը, թէ ինք որեւէ առնչութիւն չունի պրազիլցի յառաջապահ Նէյմարի փոխանցման հետ կապուած խարդախութեան հետ` նկատի ունենալով, որ 2014-ին ակումբին նախագահը եղած է Սանտրօ Ռոսել եւ ոչ թէ ինք: Սակայն «Մունտօ Տեփորթիւօ» հաղորդեց, որ ան այդ զեղծարարութեան մէջ կրնայ որոշ դեր մը ունենալ, որովհետեւ այդ ժամանակ ինք փոխնախագահն էր: Ռոսել եւ...

Հայ Մարզասէրներուն Ուշադրութեան. Քաջալերե՛նք Արմէն Գրիգորեանը

Ինչպէս բոլորին ծանօթ է, շաբաթ, 29 ապրիլին, «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք) տեղի պիտի ունենայ «Ֆինիքս-2» Մուայ-Թայի միջազգային մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն միջազգային բազմաթիւ անուանի մարզիկներ` աշխարհի չորս ծագերէն: «Ֆինիքս Ֆայթինկ Չեմփիընշիփ»-ի նախագահ Շահէ Երեւանեան, «Ֆինիքս-1»-ի յաջողութենէն ետք, այս տարի այդ մրցաշարքին տարողութիւնը աւելի ընդլայնեց եւ Լիբանան հրաւիրեց տարբեր ախոյեաններ: Անոնց կարգին է Հայաստանէն` Արմէն Գրիգորեան, որ ունի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Պիպլոս – Թատամոն` 2-1

Այսօր` Ռիատի - Սաժես Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ էյթի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Պիպլոս, որ Ժիպէյլի մէջ հիւրընկալեց Թատամոնը, 81-65 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց (21-17, 38-29, 64-47 եւ 81-65): Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Պիպլոս 2-1 արդիւնքով գերազանցեց Թատամոնը: Պիպլոսի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ճէյ Եանկպլատ (25), մինչ անոր խմբակից Քլէյ Թաքըր նշանակեց 20...

Page 983 of 1277 1 … 982 983 984 … 1,277

Արխիւներ