Նախանցեալ քանի մը օրերուն Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցան Լիբանանի փինկ փոնկի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումները:
Այդ մրցումներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին բոլոր նահանգներէն խումբեր, որոնք գրաւած էին առաջին դիրքերը:
Բ. դասակարգի ախոյեան հանդիսացաւ Ղատիր Ժըպշիթ խումբը եւ իրաւունք ստացաւ յառաջիկայ տարեշրջանին բարձրանալու Ա. դասակարգ:
2-րդ դիրքը գրաւեց Անդրանիկ Պէյրութ, իսկ 3-րդ դիրքը` Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմա: