Առ ի պատրաստութիւն Լիբանանի աղջկանց պասքեթպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանին, նախորդ շաբաթավերջին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը մրցեցաւ Հուփսի դէմ` վերջինիս դաշտին վրայ (օդակայանի ճամբան):
ՀՄԸՄ-ի աղջիկները բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալով յաղթեցին 48-37 արդիւնքով, հակառակ անոր որ Ա. կիսախաղին ուշացած էին երեք կէտի տարբերութեամբ (34-31):



