«Մարքա» կը յայտնէ, որ Ռէալ Մատրիտ որոշեց իր 357 համակիրները զրկել ակումբին անդամակցութենէն եւ չեղեալ նկատել անոնց ձեռք ձգած տոմսերն ու տեղերը, զորս անոնք ունէին «Սանթիակօ Պեռնապէօ» մարզադաշտին թրիպիւններուն վրայ:
Այս որոշումը տրուեցաւ Ռէալ Մատրիտ – Պարսելոնա «Քլասիքօ»-ի մրցումէն ետք («Լա լիկա», 33-րդ հանգրուան)` նկատի ունենալով, որ անոնք իրենց այդ տեղերը այդ մրցումին համար բաւական սուղ գիներով ծախած էին Պարսելոնայի համակիրներուն:
Կը նշուի, որ հետաքննութիւնները ցարդ չեն աւարտած, եւ 2000 անդամագրուած անձերու դէմ քննութիւն բացուած է:
Նշուեցաւ, որ երթի մրցումին Պարսելոնա եւս այսպիսի հարց մը ունեցաւ: