
Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին, Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ աւարտեցաւ Արեւմտեան Ասիոյ տղոց կրտսերներու (16 տարեկանէն վար) ախոյեանութիւնը:
Հիւրընկալ երկրին` Իրանի հետ Ասիոյ ախոյեանութեան իր տոմսը ապահովեց նաեւ Լիբանան, որ գրաւեց երկրորդ դիրքը:
Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ լիբանանեան պատուիրակութիւնը արժանացաւ ջերմ ընդունելութեան. մարզիկներուն դիմաւորելու եկած էին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Քախիա, ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզք, Լիբանանի պասքեթպոլի ազգային խումբերու տնօրէն Եասեր Հաժ, մարզական լրագրողներ եւ մարզիկներուն ծնողները:
Իր խօսքին մէջ, Քախիա դրուատիքով արտայայտուեցաւ ազգային խումբին մարզիկներուն ձեռք ձգած այս յաջողութեան եւ իրագործումին մասին` աւելցնելով, որ այս իրագործումը եկաւ փաստելու, որ Լիբանան տիրական ներկայութիւն մըն է այս մարզին մէջ: