Արհեստավարժ կռփամարտիկ, միջին կարգի «Տապլիու Պի. Օ.»-ի վարկածով աշխարհի նախկին ախոյեան Արթուր Աբրահամ նախորդ շաբաթավերջին գերմանական Էրֆուրտ քաղաքին մէջ ճակատեցաւ Ռոպին Քրասնիքիի դէմ (Լեհաստան):
12 ռաունտ մենամարտելով` 37 տարեկան Արթուր Աբրահամ յաղթեց կէտերու առաւելութեամբ` 110-118, 114-115 եւ 111-117 արդիւնքով:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Աբրահամ իրաւունք ստացաւ յառաջիկային մենամարտելու մեքսիքացի Խիլպերթօ Ռամիրեզի դէմ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Աբրահամ News.as-Sport-ի թղթակիցին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ.
«Նախքան այս ճակատումը ըսի, որ այս յաղթանակը պիտի նուիրեմ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակին: Այդպէս ալ ըրի եւ կը յարգեմ խոստումս:
«Ամբողջ աշխարհին կու գամ ըսելու, որ բոլորը պէտք է ճանչնան եւ դատապարտեն Հայոց ցեղասպանութիւնը:
«Ինչ կը վերաբերի կատարած մենամարտիս, անիկա այդքան ալ դիւրին յաղթանակ մը չէր, սակայն կարեւորը պայքարեցայ եւ յաղթեցի:
«Այժմ պիտի պատրաստուիմ Ռամիրեզի դէմ տեղի ունենալիք ճակատումին եւ յոյսով եմ, որ շուտով կ՛այցելեմ նաեւ Հայաստան»: