Նախորդ շաբաթավերջին Մոնզայի (Իտալիա) վազքուղիին վրայ տեղի ունեցաւ Պլանփենի ինքնաշարժներու մրցումներու ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցաւ Ա. հանգրուանի մրցումը:
Լիբանանեան խումբը, որ առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցէր այս ախոյեանութեան, «Լիբանան կը կանչէ քեզ» անուան տակ յաջողեցաւ պատմութիւն կերտել, շնորհիւ լիբանանահայ անուանի եւ փորձառու վարորդ Ալեքս Տեմիրճեանի, որ բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը ունեցաւ:
Այս յաղթանակը, այդքան ալ դիւրին չեղաւ` նկատի ունենալով, որ փոլ-փոզիշընի մրցումներուն 488 GT3 ինքնաշարժը, որ կը պատկանի AF Corse խումբին («Ֆեռարի»), մրցումը սկսաւ վերջին դիրքէն:
Բայց եւ այնպէս Տեմիրճեան յաջողեցաւ ինքզինք պարտադրել այս ախոյեանութեան: