Շապապ Սահել Բողոքի Նամակ Մը Պիտի Ուղարկէ ՖԻՖԱ-ին
Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մասնակցող խումբերէն Շապապ Սահել` գլխաւորութեամբ ակումբի նախագահ Ֆետի Ալամէի իր գումարած ժողովէն ետք հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը: Ժողովականները շնորհակալութիւն յայտնեցին բոլոր մարզիկներուն, համակիրներուն, պատասխանատուներուն եւ ակումբին կողքին գտնուողներուն` 2016-2017 տարեշրջանի աւարտին առիթով: Սակայն անոնք իրենց բողոքը եւ դժգոհութիւնը յայտնեցին Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին դէմ` նշելով որ անիկա բազմաթիւ հարցերու մէջ անաչառ եւ արդարացի չեղաւ այս տարեշրջանին եւ...



