«Տը Թելեկրաֆ» կը հաղորդէ, որ իրանեան ոստիկանութիւնը Իրանի Համատան քաղաքին մէջ ձերբակալեց Պարսելոնայի եւ Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Լիոնել Մեսսիի 25 տարեկան իրանցի նմանակը` Ռեզա Փարասթեշին, հասարակական կարգը խախտելուն համար:
Ըստ աղբիւրին, Փարասթեշիի ձերբակալութիւնը տեղի ունեցած է, երբ խումբ մը մարդիկ ուզած են լուսանկարուիլ անոր հետ:
Նշուեցաւ, որ ոստիկանութիւնը գրաւած է նաեւ անոր ինքնաշարժը:
Մեսսիի նմանակին հեղինակութիւնը սկսաւ հետզհետէ մեծ արձագանգ գտնել, երբ ան քանի մը ամիս առաջ լուսանկարուելով Պարսելոնայի մարզաշապիկով, այդ նկարները ուղարկեց լրատուական բազմաթիւ կայքերու: