Մարզական

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Տպաւորիչ Յաղթանակով Մը Պարտութեան Մատնեց Սաժեսը` 85-77 Արդիւնքով

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ-Մութթահետ Թրիփոլի, Ապա` ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Անդրանիկ Պէյրութ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ ֆոր-ի մրցումներուն ծիրին մէջ այսօր` շաբաթ, 6 մայիսին, ՀՄԸՄ կը կատարէ իր առաջին մրցումը` Մութթահետ Թրիփոլիի դէմ: Այս մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 17:00-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: Ծանօթ է, որ հինգ մրցումէն երեքին յաղթանակ արձանագրող խումբը կ՛ապահովէ աւարտականին իր տոմսը: Ասկէ մեկնելով, ՀՄԸՄ, ֆայնըլ...

Անն-Մարի Ապտելքարիմի Պասքեթպոլի 6-րդ Մրցաշարքի Մեկնարկ` Աւելի Քան 250 Մարզիկներու Մասնակցութեամբ

Կազմակերպութեամբ Հուփս ակումբին, Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ սկսաւ Անն Մարի Ապտելքարիմի յիշատակին նուիրուած աղջկանց պասքեթպոլի 6-րդ մրցաշարքը, մասնակցութեամբ` աւելի քան 250 մարզիկներու: Անոնք կը ներկայացնեն հետեւեալ ակումբները` Էներժի Զուք, Թաատոտ Պէյրութ, Անդրանիկ Պէյրութ, Շիահ Ռիատի, ՀՄԸՄ Անթիլիաս, Մութթահետ Թրիփոլի, Ռիատի Պէյրութ, Նետիմ Սուէյտ ակադեմիա, Աքիլա Մուքատտասա վարժարան, Ըխուաթ Հատաս եւ Փրոպասքեթ Փոլ: Տեղի կ՛ունենան 1999-2000, 2001-2002 եւ 2003-2004 ծնունդ...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը.  Վաղը` Արսենալ-Մանչեսթըր Եունայթըտ

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Վաղը` Արսենալ-Մանչեսթըր Եունայթըտ

Եուվենթուս Կրնայ Տիրանալ Տիտղոսին Այս շաբաթավերջին Անգլիոյ մէջ պիտի կատարուի բաւական կարեւոր մրցում մը, երբ Արսենալ իր դաշտին վրայ հիւրընկալէ Մանչեսթըր Եունայթըտը: Ասիկա կարեւոր կը նկատուի այն առումով, որ երկու խումբերն ալ, ինչպէս նաեւ Լիվըրփուլ եւ Մանչեսթըր Սիթի բաւական սուր պայքարի մէջ են «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքին գծով տոմս մը ապահովելու նպատակով: Իտալիոյ շաբաթավերջի մրցումներուն արդիւնքները շատ հաւանաբար վճռեն նաեւ նոր...

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Ֆրանգուլեան Եւ Գրիգորեան` Պրոնզէ Մետալակիրներ

Սերպիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ազատ ոճի ըմբշամարտի ախոյեանութեան Հայաստանի համար պրոնզէ մետալներ ապահովեցին Վոլոդյա Ֆրանգուլեան եւ Գրիգոր Գրիգորեան: 61 քկ. դասակարգին մէջ 3-րդ դիրքի մրցումին համար Ֆրանգուլեան ճակատելով թուրք Ապտի Զուրնաչիի դէմ, 10-0 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց: Կիսաւարտականին, սակայն, ան պարտուեցաւ (11-1)` Ահմետ Չակայեւէն (Ռուսիա): 74 քկ դասակարգին մէջ, Գրիգորեան, 3-րդ դիրքի մրցումին, 9-3 արդիւնքով յաղթեց յոյն Քիրիլոս...

Իվան Եագան Պելճիքայի Մէջ Փոխեց Իր Ակումբը

27 տարեկան միջնապահ Իվան Եագան, Պելճիքայի մէջ փոխեց իր ակումբը: Հայկական արմատներով ֆութպոլիստը Սերքլը Պրիւժէն տեղափոխուեցաւ Լիերս, որուն հետ կնքեց 3 տարուան պայմանագրութիւն մը: Թէեւ ան այլ ակումբներէ ալ առաջարկներ ստացաւ, բայց նախընտրեց միանալ Լիերսի, որ Սերքլը Պրիւժի նման մաս կը կազմէ Բ. դասակարգին: Սերքլը Պրիւժի հետ ան 68 մրցումի ընթացքին նշանակեց 24 կոլ:  

«Էն.Պի.Էյ.» – Փլէյ-Օֆ-ի Մրցումներ. Ուիզըրտծ Եւ Ուորիըրզ Յաղթական

Քեւեն Տիւրընթ «ԷՆ.ՊԻ.ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցան կիսաւարտականի երկու ճակատումներ, որոնց ընթացքին հիւրընկալեց երկու խումբերն ալ յաղթանակներ արձանագրեցին: Պոսթըն Սելթիքս, որ իր կատարած առաջին երկու մրցումներուն յաղթած էր Ուաշինկթըն Ուիզըրտծին, երէկ, անոր դաշտին վրայ, 116-89 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Մարսին Կորթաթ, տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (13 կէտ, 16 ռիպաունտ): Անոր խմբակիցը` Պոժան Պոկտանովիչ, իր կարգին...

Կրիզման Եւ Մանչեսթըր Եունայթըտ Գրեթէ Համաձայնեցան

Աթլեթիքօ Մատրիտի Ֆրանսայի յառաջապահ Անթուան Կրիզման եւ Մանչեսթըր Եունայթըտ գրեթէ համաձայնեցան` 5 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելու: Այս լուրը կը հաղորդէ «Տը սան»-ը: Կը նշուի, որ 26 տարեկան ֆութպոլիստին շաբաթական աշխատավարձքը պիտի ըլլայ 280 հազար փաունտ: Թէեւ ան մինչեւ 2021 պայմանագրութիւն մը ստորագրած է սպանական ակումբին հետ, բայց անոր հրաժարագինը կը կազմէ 89 միլիոն փաունտ: Ան այս տարեշրջանին Աթլեթիքոյի հետ կատարած...

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Դուրս Մնաց Բաժակի Մրցաշարքէն

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտականի ճակատումները տեղի ունեցան երէկ գիշեր: ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ Մանարայի դաշտին վրայ ճակատեցաւ Անդրանիկ Պէյրութի դէմ, 62-54 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով (12-13, 12-17- 19-21 եւ 11-11) դուրս մնաց մրցաշարքէն: ՀՄԸՄ Անթիլիասի կէտերը նշանակեցին Ժիւըլ Թանսթալ (18), Կինթարէ Փեթրոնիթ (16), Այտա Պախոս (7), Մեղրի Թորոսեան, Սանտրա Նաժըմ (5-ական) եւ Լէյլա Ֆարես (3): Աւարտականին Անդրանիկ Պէյրութ պիտի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Տպաւորիչ Յաղթանակով Մը Պարտութեան Մատնեց Սաժեսը` 85-77 Արդիւնքով

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ֆայնըլ-Ֆորի Մրցումներուն Ամբողջական Յայտագիրը

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ հրապարակեց տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ ֆորի մրցումներուն ամբողջական յայտագիրը: Ինչպէս ծանօթ է, անոնք կը սկսին այսօր: Հինգ մրցումէն երեք յաղթանակ արձանագրուող խումբը կ՛ապահովէ աւարտականի իր տոմսը: Մրցումները տեղի պիտի ունենան երեկոյեան ժամը 17:00-ին եւ 17:30-ին: Ստորեւ` ամբողջական յայտագիրը. ԺԱՄ ԴԱՇՏ Ուրբաթ, 5 մայիս Ռիատի - Պիպլոս 17:30 Մանարա Շաբաթ, 6 մայիս ՀՄԸՄ -...

«Եուրոփա Լիկ». Մանչեսթըր Եունայթըտ 1-0 Արդիւնքով Յաղթական Վերադարձաւ Սելթա Վիկոյի Դաշտէն

Հենրիխ Մխիթարեան (աջին) երէկուան մրցումին «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտականի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Մանչեսթըր Եունայթըտ Սպանիոյ մէջ հիւրը եղաւ Սելթա Վիկոյին: Մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոյի կազմը նուազագոյն հաշիւով յաղթանակ մը արձանագրեց սպանական կազմին դէմ` շնորհիւ Մարքուս Ռեշֆորտի նշանակած կոլին (67-րդ): Ռեշֆորտ 80-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ Անթոնի Մարթիալով: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ Եունայթըտի հետ դաշտ ներկայացած...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Իր Կազմին Միացուց Անճել Մաքքուկթրին

Անճել Մաքքուկթրի (կեդրոնը) Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց կիսաւարտական հանգրուանի (Ֆայնըլ-ֆոր) մրցումներուն նախօրեակին, Լիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս իր կազմը օժտեց նոր օտարականով Միացեալ Նահանգներու աղջկանց ազգային խումբի մարզիկ Անճել Մաքքուկթրիով: 30 տարեկան Մաքքուկթրի, որուն հասակն է 1 մեթր 85 սանթիմեթր, կը նկատուի բաւական յաջող մարզիկ մը` նկատի ունենալով, որ ան Միացեալ Նահանգներու աղջկանց ազգային խումբին հետ տիրացած է ողիմպիական երկու ոսկի մետալի`...

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, վաւերացուց Լիբանանի կրտսերներու ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանի 8-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքները: Արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները. Շեպիպեթ Մազրաա-Շապապ Ղազիէ` 4-1, Մապարրա-Նեպի Շիթ` 3-1, Շապապ Արապի-Ռասինկ` 2-1 եւ Սալամ Զղարթա-ՀՄԸՄ` 6-0: 9-րդ հանգրուանը տեղի կ՛ունենայ հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ.   ժԱՄ ԴԱՇՏ Կիրակի, 7 մայիս     Շապապ Ղազիէ - ՀՄԸՄ 13:00 Ղազիէ Նեպի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ – Մութթահետ Առաջին Մրցումը` Շաբաթ, 6 Մայիսին

Լիբանանեան Պասքեթպոլ Սաժես Տուգանքի Ենթարկուեցաւ Եւ 3 Մրցումով Կախակայուեցաւ 2017-2018 Տարեշրջանին Գծով

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ ֆետերասիոնը իր գումարած վերջին նիստին Սաժեսը 500 կէտով տուգանքի ենթարկեց (12 միլիոն 500 հազար լիբանանեան ոսկի)` նկատի ունենալով, որ անոր համակիրները գտնուեցան անկարգապահ` Ռիատիի դէմ տեղի ունեցած ֆայնըլ-էյթի չորրորդ մրցումին (Ղազիրի մէջ): Ատկէ բացի, Սաժես 3 մրցումով կախակայուեցաւ եւ 2017-2018 տարեշրջանին իր դաշտին վրայ կատարելիք առաջին երեք մրցումները պիտի կատարէ առանց իր համակիրներուն`...

Ֆութպոլասէրներուն 70 Առ Հարիւրը Չի Վստահիր ՖԻՖԱ-ին

ՖԻՖԱ. Հայաստանի Հաւաքականին Դիրքը Մնաց Անփոփոխ

Երէկ, ՖԻՖԱ-ն հրապարակեց աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերուն միջազգային նոր դասաւորումը: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ նախորդ դասաւորումին հրապարակումէն ետք մրցում չկատարեց, մնաց 67-րդ դիրքին վրայ` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 527 կէտ: Պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի Պրազիլ, որ 2018-ի Մոնտիալի իր տոմսը ապահոված առաջին խումբն է: Երկրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի Արժանթին, իսկ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ աշխարհի գործող ախոյեան Գերմանիա:...

«Էն. Պի. Էյ.» – Փլէյ-Օֆ. Քաւալիրզ 2-0 Արդիւնքով Գերազանցեց Ռեփթըրզը

Լեպրոն Ճէյմս «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան կիսաւարտականի ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած երկու մրցումներուն, Քլիվլենտ Քաւալիրզ եւ Սան Անթոնիօ Սփըրզ իրենց դաշտերուն վրայ յաղթանակներ արձանագրեցին: Քաւալիրզ իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ (125-103) 2-0 արդիւնքով գերազանցեց Թորոնթօ Ռեփթըրզը: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Լեպրոն Ճէյմս նշանակեց 39 կէտ, մինչ անոր խմբակից Քիրի Ըրվինկ տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (22 կէտ, 11 էսիսթ): Ռեփթըրզէն Ժոնաս...

Ռէալ Մատրիտի Նախագահին Նուէրը` Ռոնալտոյին

Ռէալ Մատրիտի փորթուգալցի միջազգային յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, ակումբի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերեսէն ստացաւ յատուկ նուէր մը` Ռէալի տարազը, որ կը կրէր 400 թիւը, ինչ որ կը խորհրդանշէ մայրաքաղաքի կազմին հետ ցարդ Ռոնալտոյին նշանակած կոլերուն ընդհանուր թիւը: Նշենք, որ Ռոնալտօ իր նշանակած կոլերուն ընդհանուր թիւը բարձրացուց 400-ի, երբ Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ տեղի ունեցած «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտականի երթի մրցումին հեթրիքի հեղինակ...

Վալենսիա 1 Միլիոն Եւրօ Պիտի Շահի, Եթէ Պարսելոնա Հանդիսանայ Սպանիոյ Ախոյեան

Sport.es կայքը կը հաղորդէ, որ Վալենսիա շատ ուրախ պիտի ըլլայ, եթէ Պարսելոնա հանդիսանայ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան, որովհետեւ ախոյեան հանդիսանալու պարագային, անիկա քաթալոնական ակումբէն պիտի գանձէ 1 միլիոն եւրօ: Վալենսիա այդ գումարը պիտի ստանայ շնորհիւ Անտրէ Կոմեշի, որ միացած էր Պարսելոնային` 35 միլիոն եւրոյի դիմաց: Եթէ Պարսելոնա ախոյեան հանդիսանայ, Վալենսիա պիտի ստանայ Կոմեշի ձեռք ձգած յաջողութեան այդ առաւելութիւնը, որովհետեւ իր խումբին...

Թոթթի Այս Ամառ Պիտի Աւարտէ Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Իտալական Ա. Էս. Ռոմայի յառաջապահ եւ խմբապետ Ֆրանչեսքօ Թոթթի այս ամառ պիտի աւարտէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը: Gazetta.it լրատուական կայքը հաղորդեց, թէ 40 տարեկան Թոթթի, որ 25 տարուան արհեստավարժ ասպարէզ մը ունեցաւ ֆութպոլի աշխարհին մէջ, պիտի դառնայ իտալական ակումբին թեքնիք տնօրէնը: 1993-էն խումբին հետ ըլլալով, ան 782 մրցումի ընթացքին նշանակեց 306 կոլ եւ կատարեց 123 կոլի փոխանցում: Ա. Էս. Ռոմայի...

Ինիեսթա Վերսկսաւ Իր Փորձերուն

Պարսելոնայի միջնապահ` Անտրես Ինիեսթա (32 տարեկան), որ վերջին շրջանին վիրաւոր էր, այժմ բաւական ապաքինած ըլլալով վերսկսած է իր փորձերուն, կը հաղորդէ սպանական «ԱՍ» լրատուամիջոցը: Այժմ ան բաւական լաւ վիճակի մէջ ըլլալով իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 6 մայիսին Վիարէալի դէմ տեղի ունենալիք «Լա Լիկա»-ի 36-րդ հանգրուանի մրցումին:

Փարիզ Սեն Ժերմենին Միանալու Պարագային. Օպամեյանկ Տարեկան Պիտի Գանձէ 14 Միլիոն Եւրօ

Պորուսիա Տորթմունտի Կապոնցի յառաջապահ Փիեռ - Էմերիք Օպամեյանկ մօտ է ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմեն տեղափոխուելուն: «Պիլտ»-ի համաձայն, եթէ այս փոխանցումը տեղի ունենայ, ան տարեկան պիտի գանձէ 14 միլիոն եւրօ աշխատավարձ: Սակայն այս գծով ցարդ պաշտօնական ոչինչ կայ: Կը կարծուի, որ Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի Պորուսիա Տորթմունտ-Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ աւարտական մրցումէն ետք անոր ճակատագիրը պիտի յստականայ: Գերմանական ակումբին հետ 27 տարեկան յառաջապահին...

Page 981 of 1277 1 … 980 981 982 … 1,277

Արխիւներ