Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Յաղթեց Մութթահետի Դէմ Կատարած Առաջին Մրցումին (95-74)

May 8, 2017
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսօր Երկրորդ Մրցումը
Պիպլոս – Ռիատի` 1-1

Քեւին Կալոուէյ
PROFOTO

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան ֆայնըլ-ֆորի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 6 մայիսին, «Աղբալեան -ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ – Մութթահետ առաջին ճակատումը:

ՀՄԸՄ շարունակեց մնալ իր դաշտին վրայ ցարդ պարտութիւն չկրող միակ խումբը,  երբ 21 կէտի տարբերութեամբ` 95-74 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը (28-21, 48-37, 73-51 եւ 95-74):

Մրցումին տեւողութեան ՀՄԸՄ նոյնիսկ ունեցաւ 25 կէտի հանգիստ առաւելութիւն մը (79-54):

Բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը ունեցաւ Քեւին Կալոուէյ, որ ՀՄԸՄ-ի հետ իրագործեց այս տարեշրջանի իր հինգերորդ թրիփըլ-տապըլը (19 կէտ, 11 ռիպաունտ եւ 11 էսիսթ):

Ֆետի Խաթիպ նշանակեց 28 կէտ, Տուայն Ճեքսըն` 17 (ներառեալ` 5 թրի փոյնթ), Աթեր Մաճոք` 14, Հայկ Կէօքճեան` 5 կէտ, Նետիմ Սուէյտ` 6, Սեւակ Քեթենճեան եւ Էլի Շամուն` 3-ական:

ՀՄԸՄ նշանակեց 10 թրի փոյնթ` 29 փորձերէ ետք, իսկ Մութթահետ 8` 29 փորձերէ ետք:

Մութթահետէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Մելվին Քլիվլենտ, որ իրագործեց տապըլ-տապըլ մը (21 կէտ, 11 ռիպաունտ):

Երկու կազմերուն միջեւ երկրորդ ճակատումը տեղի կ՛ունենայ այսօր` երկուշաբթի, 8 մայիսին, երեկոյեան ժամը 17:30-ին, «Սաֆատի» մարզահամալիրին մէջ (Թրիփոլի):

ՀՄԸՄ-ի համար հիւսիսային Լիբանանէն յաղթական վերադարձը կը նկատուի կարեւոր,  որպէսզի կարելի ըլլայ երրորդ մրցումին եւս յաղթանակ մը արձանագրելով կանուխէն ապահովել աւարտականի տոմսը:

Երէկ` կիրակի, 7 մայիսին, Պիպլոս, որ Ժիպէյլի մէջ հիւրընկալեց Ռիատին, 88-78 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով (29-16, 48-33, 67-52 եւ 88-78) յաջողեցաւ հաւասարեցնել արդիւնքը (1-1):

Պիպլոսէն բաւական լաւ ներկայացում մը ունեցաւ Քլէյ Թաքըր, որ նշանակեց 32 կէտ (ներառեալ` 7 թրի փոյնթ), մինչ անոր խմբակից Ճէյ Եանկպլատ նշանակեց 25 կէտ (ներառեալ` 5 թրի փոյնթ):

Ռիատիէն 27 կէտ նշանակեց Էտկար Սոսա (ներառեալ` 4 թրի փոյնթ), մինչ Ալի Հայտար, որ հինգ ֆաուլով դուրս ելաւ, նշանակեց 16 կէտ:

Նշենք, որ մրցումին տեւողութեան Պիպլոս ունեցաւ նոյնիսկ 20 կէտի առաւելութիւն մը (53-33):

Պիպլոսէն հինգ ֆաուլով դուրս ելան Ալի Թրաորէ եւ Ճօ Ապի Խըրըս:

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութի Տղոց Խումբը` Յաղթական

Յաջորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս 1-0 Արդիւնքով Գերազանցեց Անդրանիկ Պէյրութը

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.