«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ տեղի ունեցած կիսաւարտականի ճակատումներուն, Արեւելեան շրջանէն Քլիվլենտ Քաւալիրզ հանդիսացաւ առաջին խումբը, որ ապահովեց աւարտականի իր տոմսը` 4-0 արդիւնքով գերազանցելէ ետք Թորոնթօ Ռեփթըրզին:
Քաւալիրզ, որ երէկ արձանագրեց 109-102 արդիւնքով յաղթանակ մը, նախորդ երեքին արձանագրած էր 116-105, 125-103 եւ 115-94 արդիւնքով յաղթանակներ:
Յաղթական կազմին մարզիկներէն Լեպրըն Ճէյմս նշանակեց 35 կէտ:
Աւարտականին Քաւալիրզ իր դէմ պիտի ունենայ Պոսթըն Սելթիքս-Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ մրցումին յաղթականը:
Սելթիքս այժմ 2-1 արդիւնքով կը գերազանցէ Ուիզըրտծը` առաջին երկու մրցումներուն յաղթանակ արձանագրելէ ետք: Երէկ Ուիզըրտծ 121-102 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Հիուսթըն Ռոքեթց իր կարգին 125-104 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Ճէյմս Հարտեն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (28 կէտ, 12 էսիսթ) Սան Անթոնիօ Սփըրզի դէմ տեղի ունեցած մրցումին: Վերջինս 2-1 արդիւնքով կը գերազանցէ իր մրցակիցը:
Նշենք, որ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ այժմ 3-0 արդիւնքով կը գերազանցէ Եութա Ճեզը: