«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտականի դարձի առաջին մրցումը տեղի կ՛ունենայ այսօր, երբ ժամը 21:45-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) Եուվենթուս կը հիւրընկալէ Մոնաքոն:
Ֆրանսական կազմը բաւական դժուար առաքելութիւն մը ունի կատարելիք` նկատի ունենալով, որ երթին իր դաշտին վրայ 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց:
Ըստ թուաբանական հաշիւներու, Եուվենթուս աւարտականի իր տոմսը ապահոված կը թուի ըլլալ, թէեւ պէտք չէ մոռնալ, որ ֆութպոլի աշխարհին մէջ անակնկալներ միշտ գոյութիւն ունին:
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի կողմէ այս մրցումին իրաւարար նշանակուած է հոլանտացի Պիոռն Քուիփերս: