
Երէկ` կիրակի, 7 մայիսին Սայտայի քաղաքապետարանի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական ճակատումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ մրցեցան Անսար եւ Սաֆա:
Անսար իր պատմութեան մէջ 14-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ բաժակակիր` 1-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Սաֆային: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Մաթիչ Պոտսաթաւիք (Սլովաքիա)` 54-րդ վայրկեանին:
Այսպիսով, Անսար Լիբանանի ախոյեան Ահտի հետ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ ասիական մրցաշարքին: