Այսօր` Ռիատի – Պիպլոս

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-ֆորի ծիրին մէջ իր կատարած երկրորդ մրցումին, երէկ յետմիջօրէին ՀՄԸՄ-ի կազմը «Սաֆատի» մարզահամալիրին մէջ (Թրիփոլի) հիւրը եղաւ Մութթահետին:
ՀՄԸՄ, որ իր կատարած առաջին մրցումին յաղթանակ մը արձանագրած էր, երէկ երկարաձգումէն ետք պարտուեցաւ իր մրցակիցէն` 97-93 արդիւնքով (26-26, 48-37, 67-65, 84-84 եւ 97-93):
Այս մրցումը եղաւ թրի փոյնթերով հարուստ` նկատի ունենալով, որ անոնց թիւը հասաւ 25-ի (12-ը` ՀՄԸՄ-էն):
ՀՄԸՄ-ի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ֆատի Խաթիպ (35) ապա յաջորդաբար` Տուայն Ճեքսըն (15), Քեւին Կալոուէյ (17) եւ Նետիմ Սուէյտ (9): Նշենք, որ անոնք չորսն ալ երեքական թրի փոյնթ իրագործեցին:
Իսկ ՀՄԸՄ-էն տապըլ-տապըլ իրագործեց Աթեր Մաճոք (15 կէտ, 17 ռիպաունտ):
Մութթահետէն Տուարիք Սփենսըր նշանակեց 30 կէտ, Ռամել Քարի` 26, իսկ Մելվին Քլիվլենտ` 20:
Այսպիսով, Մութթահետ իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք արդիւնք հաւասարեցուց (1-1):
Երրորդ մրցումին վաղը Մութթահետ հիւրը պիտի ըլլայ ՀՄԸՄ-ին:
Այսօր, ժամը 17:00-ին, Պիպլոս հիւրը կ՛ըլլայ Ռիատիի: Արդիւնքը կ՛ընթանայ 1-1 հաւասարութեամբ: