Կազմակերպութեամբ «Սոշըլ-ուայ»-ի, կիրակի, 7 մայիսին, Թրիփոլիի մէջ տեղի ունեցաւ Պայք-Թրիփոլիի հեծելարշաւի մրցումը` 4-րդ անգամ ըլլալով:
Մրցումին իրենց մասնակցութիւնը բերին 1500 երկսեռ հեծելանւորդներ` Թրիփոլիի, անոր շրջակայքի գիւղերէն եւ այլ նահանգներէ:
Անոր ազդանշանին տրուելուն արարողութեան ներկայ գտնուեցան քաղաքական բազմաթիւ անձնաւորութիւններ, որոնց կարգին` նախարար Մոհամետ Քապպարա, երեսփոխաններ Խըտըր Հապիպ, Սամեր Սաատէ, նախկին երեսփոխաններ, դեսպաններ, զանազան շրջաններու քաղաքապետներ եւ ուրիշ անձնաւորութիւններ:
Նշենք, որ այս մրցումին ազդանշանը տուաւ Հիւսիսային Լիբանանի նահանգապետ Ռամզի Նոհրա:




