Երէկ Հայաստանի տղոց, աղջկանց եւ երիտասարդական ծանրաբարձութեան հաւաքականները մեկնեցան Ուքրանիա` ուսումնամարզական հաւաք կատարելու համար:
Armnoc.am կայքը կը հաղորդէ, որ անոնք պիտի պատրաստուին մեծերու եւ երիտասարդներու աշխարհի ախոյեանութեան:
Հաւաքականներու գլխաւոր մարզիչները` Փաշիկ Ալավերդեան եւ Արտաշէս Ներսիսեան, իրենց կազմերուն մէջ ընդգրկեցին հետեւեալ մարզիկները. Սիմոն Մարտիրոսեան, Անդրանիկ Կարապետեան, Գոռ Մինասեան, Ռուբէն Ալեքսանեան, Սամուէլ Գասպարեան, Արմէն Գրիգորեան, Կարէն Մարգարեան, Կարէն Աւագեան, Հրայր Յովհաննիսեան, Յակոբ Մկրտչեան, Ժորժ Եղիկեան, Դաւիթ Յովհաննիսեան, Սոնա Պօղոսեան, Արփինէ Դալալեան, Տաթեւ Յակոբեան եւ Աննա Գովելեան:
Հայրենի ծանրաբարձները Ուքրանիոյ մէջ պիտի մարզուին մինչեւ 26 մայիս: