Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-ֆորի երկրորդ մրցումը` Անդրանիկ Պէյրութի եւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի միջեւ, տեղի ունեցաւ երէկ գիշեր, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ):
Լիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ առաջին մրցումին յաղթանակ մը արձանագրած էր, երէկ եւս յաղթեց իր մրցակիցին` 56-43 արդիւնքով (8-12, 25-22, 35-42 եւ 43-56):
Յաջորդաբար երկրորդ մրցումն ըլլալով տպաւորիչ ելոյթ ունենալով, Կինթարէ Փեթրոնիթէ նշանակեց 20 կէտ եւ 17 ռիպաունտ: Անոր նման տապըլ-տապըլ հեղինակ դարձաւ Սանտրա Նաժըմ (18 կէտ, 12 ռիպաունտ): Նաժըմ իրագործեց 6 թրի փոյնթ:
Անդրանիկէն Քինա Մէյս նշանակեց 11 կէտ, մինչ խումբին երկրորրդ օտարականը` Պրիթանի Տենսըն` 5 կէտ:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ Անթիլիաս դարձեալ իր այս մրցումը կատարեց մէկ օտարականով (առանց Էյնճըլ Մաքքուկ Թրիի):
Իր երրորդ յաղթանակը արձանագրելու պարագային, ՀՄԸՄ Անթիլիաս պիտի ապահովէ աւարտականի իր տոմսը: