Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 27-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Սպարտակ Մոսկուա 1-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Թոմ Թոմսքի, հանդիսացաւ ախոյեան` 16 տարուան սպասումէ մը ետք: Անիկա վերջին անգամ ախոյեան հանդիսացած էր 2001-ին:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Սպարտակ Մոսկուա տասը կէտի առաւելութեամբ գերազանցեց 2-րդ դիրքը գրաւող Մոսկուայի բանակայինները, որոնք 1-0 արդիւնքով պարտուեցան Թերեք Կրոզնիէն:
3-րդ դիրքին վրայ կը գտնուի Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ, որ 11 կէտով ետ կը մնայ Սպարտակէն:
Ախոյեանութեան աւարտին մնացած է երեք հանգրուան եւ այժմ Սպարտակ 10 կէտով կը գերազանցէ բանակայիններու խումբը:



