
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց տարիքային ախոյեանութեան` 1999-2000-ի ծնունդ դասակարգի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 7 մայիսին ՀՄԸՄ Պէյրութի տղոց խումբը բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալով 54-51 արդիւնքով յաղթեց «Էն. Էս. Էյ.» խումբին:
Հակառակ անոր որ ՀՄԸՄ-էն բացակայ մարզիկներ կային, սակայն խումբին բոլոր մարզիկներն ալ մեծ պայքար մղելով անոնց բացակայութիւնը չզգացուցին եւ տարին կարեւոր յաղթանակ մը:
Մրցումին աւարտին ՀՄԸՄ Պէյրութի մարզիկ Ալեքս Կէօտիքեան ընտրուեցաւ լաւագոյն մարզիկ:


