
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ֆայնըլ ֆորի (կիսաւարտական) մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ մէկ մրցում, որուն ընթացքին Եութա Ճեզ հիւրընկալեց Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզը:
Ուորիըրզ 121-95 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով 3-0 արդիւնքով գերազանցեց իր մրցակիցը:
Յաղթական կազմին մարզիկներէն Սթեֆըն Քերի նշանակեց 30 կէտ, մինչ անոր խմբակից Տրէյմընտ Կրին, թրիփըլ – տապըլ մը իրագործեց (17 կէտ, 10 ռիպաունտ, 11 էսիսթ):
Այսօր Սան Անթոնիօ Սփըրզ իր դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Հիուսթըն Ռոքեթցը:
Այժմ անոնց միջեւ արդիւնքը կ՛ընթանայ 2-2 հաւասարութեամբ: