Լիբանանցի վարորդ Քարլ Մասաատ, որ նախորդ շաբաթավերջին իր մասնակցութիւնը բերաւ Անգլիոյ «Ֆորմիւլա-4»-ի ախոյեանութեան Թրուքսթընի Ա. հանգրուանի մրցումին, հանդիսացաւ առաջին լիբանանցին եւ արաբական աշխարհի առաջին վարորդը, որ կը բարձրանայ փոտիում` գրաւելով երրորդ դիրքը:
Այս ախոյեանութեան 2-րդ եւ 3-րդ հանգրուանի մրցումները տեղի պիտի ունենան այս շաբաթավերջին:
Առաջինին պարագային ան մրցումը պիտի սկսի 4-րդ դիրքէն, իսկ երկրորդին` 8-րդ դիրքէն: