Ըստ շրջան ընող լուրերուն, որոնք սակայն տակաւին պաշտօնական չեն, Շանվիլ շատ լուրջ բանակցութիւններու սկսած է իր կազմին միացնելու համար լիբանանցի երկու մարզիկներ Ահմետ Իպրահիմը եւ Էլի Ռըսթոմը:
ՖԻՊԱ-ի կողմէ կախակայուած (2 տարիով), սակայն աւելի ուշ պատիժի բեկանում ստացան եւ միայն 4 ամիսով կախակայուած Ահմետ Իպրահիմ չուզեց Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանին մաս կազմել որեւէ ակումբի, այլ փափաքեցաւ նոր տարեշրջան մը սկսիլ տեղական ակումբի մը հետ:
Ինչ կը վերաբերի Էլի Ռըսթոմին, ան մտադիր չէ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգել Մութթահետ Թրիփոլիի հետ: