Երէկ յետմիջօրէին Կուանկ Զուի մէջ (Չինաստան) տեղի ունեցաւ տղոց պասքեթպոլի աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը, որուն կը մասնակցին 81 երկիրներու ազգային խումբերը, աշխարհի բոլոր ցամաքամասերէն:
Ասիոյ ցամաքամասին մաս կազմող 16 խումբերը բաժնուեցան չորս խմբակի, իւրաքանչիւրը` 4 խումբ:
Լիբանանի ազգային խումբը, որ մաս կազմեց Գ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Յորդանանը, Սուրիան եւ Հնդկաստանը:
Զտումի մրցումները կը սկսին յառաջիկայ նոյեմբերին` երթուդարձի դրութեամբ:
Իւրաքանչիւր խմբակի առաջին երեք դիրքերը գրաւող խումբերը կ՛ապահովեն յաջորդ հանգրուանի իրենց տոմսերը (12 խումբ): Ապա անոնք կը բաժնուին երկու խմբակի եւ իւրաքանչիւր խմբակի առաջին երեք դիրքերը գրաւողները կ՛ապահովեն աշխարհի ախոյեանութեան իրենց տոմսերը: Աւարտական հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ Չինաստանի մէջ` 2019-ին:
Նշենք, որ նախապէս Լիբանան երեք անգամ հասած է աւարտական հանգրուան (2002, 2006 եւ 2010):