Հարաւային Քորէայի ֆութպոլի ֆետերասիոնը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Սհին Թայ-Եոնկ նշանակուեցաւ երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի նոր մարզիչ:
23 անգամ Հարաւային Քորէայի ֆութպոլի ազգային խումբին շապիկը կրած 46 տարեկան Թայ-Եոնկ փոխարինեց գերմանացի Ուլի Սթիելիքը, որ նախորդ ամիս կորսնցուց իր պաշտօնը` խումբին արձանագրած ձախող արդիւնքներուն պատճառով:
Ֆետերասիոնը նոր մարզիչին եւ թեքնիք տնօրէն Քիմ Հօ-Կոնի հետ պայմանագրութիւն մը ստորագրեց մինչեւ 2018-ի մոնտիալ: Եթէ անոնք ձախողին խումբը հասցնել Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի ախոյեանութեան, պիտի կորսնցնեն իրենց պաշտօնը: Եթէ յաջողին իրենց առաքելութեան մէջ, պիտի մնան նաեւ 2018-ի մոնտիալէն ետք: