Ռէալ Մատրիտէն հեռացած փորթուգալցի յետսապահ Փեփէ, որ միացաւ թրքական Պեշիքթաշին, իրեն խմբակից պիտի ունենայ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Արազ Օզպիլիսը:
34 տարեկան Փեփէ, որ 2007-էն ի վեր մաս կը կազմէ Ռէալ Մատրիտին, ըլլալով ազատ ֆութպոլիստ մը, միացաւ թրքական ակումբին` անոր հետ 2 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով:
Ան Ռէալի հետ կատարեց 334 մրցում: