
Անգլիոյ մէջ տեղի ունեցող Ուիմպըլտընի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, Գ. հանգրուանին պիտի կատարուի բաւական հետաքրքրական ճակատում մը:
Ռուսիոյ թենիսի դասաւորման մէջ առաջին դիրքը գրաւող Կարէն Խաչանով, որ շրջանցեց Բ. հանգրուանի արգելքը, Գ. հանգրուանին իրեն մրցակից պիտի ունենայ սպանացի Ռաֆայէլ Նատալը (4-րդ):
30-րդ դասուած 21 տարեկան մոսկուայաբնակ Խաչանով Բ. հանգրուանին յաղթեց պրազիլցի Թիակօ Մոնթէյրոյի` 3-6, 7-6, 7-6 եւ 7-5 արդիւնքով:
Անոնց միջեւ այս մրցումը տեւեց 3 ժամ, 9 վայրկեան:


