Սկովտիական ֆութպոլի պատմութեան մէջ իր անունը արձանագրած Ռէյնճըրզ դուրս մնաց «Եուրոփա-լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքէն, երբ զտումի Ա. հանգրուանի դարձի մրցումին 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Փրոկրես Նիտերքոռնիէն, որ նախորդ տարեշրջանին Լիւքսամպուրկի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը աւարտեց չորրորդ դիրքին վրայ:
Երթին Ռէյնճըրզ իր դաշտին վրայ 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր:
Յաղթական կազմին` Փրոկրեսի հետ ելոյթ կ՛ունենայ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին յառաջապահ Ալեքսանտր Կարապետեան, որ դարձի այս մրցումին իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայանալով` 84-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը:



