Հսկողութեամբ Լիբանանի թրիաթլոնի ֆետերասիոնին, հովանաւորութեամբ «Սարատար» դրամատան, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» կը կազմակերպէ տարեկան իր աքուաթլոնի մրցումը, որ տեղի կ՛ունենայ կիրակի, 1 հոկտեմբերին:
«Աքուաթլոն Ժունիէ-2017»-ը կ՛ընդգրկէ լողարշաւ եւ վազք:
Կազմակերպիչ ակումբը մօտիկ ապագային պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը` մրցումին մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ ներկայացնելու նպատակով: