Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Վարազդատ Հարոյեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Ուրալի հետ (Ռուսիա):
24 տարեկան ֆութպոլիստը միացաւ Ուրալին` հեռանալով Փատիտէէն (Իրան):
Վարազդատ Հարոյեան արդէն իսկ Ուրալի հետ էր այս վերջին շրջանին եւ Սլովենիոյ մէջ անոր կատարած բանակումին եւ ֆութպոլի բարեկամական մրցումներուն մասնակցեցաւ:
Յայտնենք, որ Ուրալին մաս կը կազմէ նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Էտկար Մանուչարեան: