
ԱՏՆԱՆ ՀԱԺ ԱԼԻ
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին, «Ռամատա Փլազա» պանդոկին մէջ սկսաւ մարզիչներու յատուկ դասընթացք մը, որ պիտի տեւէ շուրջ հինգ օր:
Այս դասընթացքը տեղի կ՛ունենայ հսկողութեամբ ՖԻՖԱ-ին, որուն ներկայացուցիչն է քաթարցի Ահմետ Օմար Ֆըսթոք:
Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Ժիհատ Շահաֆ շեշտեց այս դասընթացքին կարեւորութիւնը` նշելով, որ լիբանանցի մարզիչներուն ունենալիք յաջողութիւններն ու ձեռք ձգելիք նուաճումները կը նկատուին շատ կարեւոր:
Այս դասընթացքին կը մասնակցին 28 լիբանանցի մարզիչներ` Ա. եւ Բ. դասակարգերէն:
Յայտնենք, որ առաւօտեան ժամը 6:30-էն 10:00, անոնք իրենց դասընթացքներուն պիտի հետեւին Սաֆայի դաշտին վրայ, իսկ կէսօրուան ժամը 12:00-էն 15:00` «Ռամատա Փլազա» պանդոկին մէջ: