Մարզական

Տիգրան Ղարաբաղեանց` Արարատի Գործադիր Տնօրէն

Տիգրան Ղարաբաղեանց, որ կը կատարէր Արարատի մարզիչի պարտականութիւնները, ստանձնեց ակումբին գործադիր տնօրէնի պաշտօնը: Ան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը սկսած է Բանանցի մանկապատանեկան դպրոցին մէջ: 2013-ին ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտելով, Արարատի մէջ տարած է մարզիչի աշխատանք` միեւնոյն ժամանակ ալ վարելով ակումբին ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը:

Ազգային Ազատ Հոսանքի Տարեկան Ընթրիքին. ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի Աղջկանց Ախոյեան Խումբի Պարգեւատրում

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան տարիներու սովորութիւն դարձած յատուկ ընթրիքի երեկոյի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ «Պրումմանա» պանդոկին մէջ, ի մի համախմբուեցան տարբեր կուսակցութիւններն ու միութիւնները: Այս հաւաքին յատուկ յուշանուէրներով պարգեւատրուեցան 2016-2017 տարեշրջանին լաւ ախոյեանները, որոնց կարգին` ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի պասքեթպոլի աղջկանց խումբը, որ Լիբանանի 2016-2017 տարեշրջանի ախոյեանութիւնը խլեց: Այս երեկոյին ներկայ էին նախարար Ժըպրան Պասիլի ներկայացուցիչը Ռոմել Սապեր, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան...

Աթլեթիզմ. Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Հնդկաստան

Երէկ կէսօրին Լիբանանի աթլեթիզմի մէկ պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Հնդկաստան` հոն իր մասնակցութիւնը բերելու Ասիոյ աթլեթիզմի ախոյեանութեան: Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Ժոզեֆ Սասին, իսկ մարզիկներն են Նուրետտին Հատիտ, Ահմետ Հազեր, Խալետ Տըննաուի, Հասան Մանսուր, Մոհամետ Հանուֆ, Քրիսթոֆըր Պուլոս, Թամարա Աուատա, Տիալա Խազեն: Նշենք, որ Լիբանան կը մասնակցի նաեւ տղոց 4x100 եւ 4x400 մեթր վազքի մրցումներուն:

Լիբանանի Մինի-Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն` 22 Յուլիսին

Երէկ յետմիջօրէին Լիբանանի մինի ֆութպոլի ֆետերասիոնը «Լանքասթըր» պանդոկին մէջ (Հազմիէ) տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին յայտարարեց, որ 22 յուլիսին պիտի սկսի մինի ֆութպոլի փորձառական առաջին ախոյեանութիւնը` մասնակցութեամբ 11 ակումբներու, որոնք կը նկատուին օրինական: Այդ 11 ակումբները բաժնուեցան երկու խմբակի` հետեւեալ ձեւով. Ա. ԽՄԲԱԿ.- Մաժըտ-Շըհիմ, Մաժըտ-Ղազիէ, «Էֆ. Սի.» Եունայթըտ, Քարիա, Պհամտուն եւ Շապապ Պքաասֆրին: Բ. ԽՄԲԱԿ.- Աթլեթիքօ-Ժըպէյլ, Շաքրաա Ռիատի, Շապապ...

Թենիս. Ուիմպըլտընի Մրցաշարք. Ֆետերեր Եւ Ճոքովիչ Դիւրութեամբ Անցան Յաջորդ Հանգրուան

Ուիմպըլտընի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին երկրորդ օրը` երէկ, շարունակուեցան Ա. հանգրուանի մրցումները: 2-րդ դասուած Նովաք Ճոքովիչ եւ 3-րդ դասուած Ռոժէ Ֆետերեր, բաւական դիւրութեամբ եւ հանգստութեամբ անցան յաջորդ հանգրուան` նկատի ունենալով, որ անոնց մրցակիցները մրցումը կիսատ ձգեցին: Բ. հանգրուան հասաւ նաեւ աղջկանց թիւ 1 դասուած Անճելիք Քերպըր: Ստորեւ` երէկուան Ա. հանգրուանի կարգ մը կարեւորագոյն մրցումներուն արդիւնքները. ՏՂԱՔ Նովաք Ճոքովիչ...

Տի Մարիա Շատ Հաւանաբար Տեղափոխուի Իտալիա

Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի միջնապահ Անխել Տի Մարիա մտադիր է, ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակել Իտալիոյ մէջ: Ըստ իտալական մամուլին, 29 տարեկան ֆութպոլիստը հաւանական է, որ Ինթեր Միլան տեղափոխուի: Նախորդ տարեշրջանին ան Լիկ-1-ի մրցումներուն մասնակցեցաւ 43 անգամ` նշանակելով 14 կոլ եւ կատարելով կոլի 15 փոխանցում:

Ճոն Թերի Միացաւ Ասթոն Վիլայի

Չելսիի նախկին ֆութպոլիստ, 36 տարեկան Ճոն Թերի միացաւ «Փրեմիեր-լիկ»-ի կազմերէն Ասթոն Վիլայի անոր հետ ստորագրելով մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը: Թերի, որ 1998-էն 2017 մաս կազմած է լոնտոնեան կազմին` Չելսիի, մինչեւ 30 յունիս 2017 պայմանագրութիւն մը ստորագրած էր այդ խումբին հետ: Այդ պայմանագրութեան աւարտով, ան ազատ ֆութպոլիստ մը դառնալով, որոշեց միանալ Ասթոն Վիլայի: Չելսիի հետ 713 մրցումի իր մասնակցութիւնը բերելով ան...

Պասքեթպոլ. Լիբանան Կը Հիւրընկալէ Մրցաշարք Մը` Նախքան Ասիոյ Բաժակի Մրցաշարքը

Լիբանանի պասքեթպոլի ազգային խումբերու յանձնախումբի նախագահ Եասեր Հաժ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ Լիբանան պիտի հիւրընկալէ պասքեթպոլի մրցաշարք մը, նախքան Ասիոյ բաժակի մրցաշարքին կայացումը, որ տեղի պիտի ունենայ 8-22 օգոստոսին` Լիբանանի մէջ: Եասեր Հաժ աւելցուց, որ տղոց ազգային խումբը երկու շաբթուան բանակում մը պիտի կատարէ Սերպիոյ մէջ, ուր պիտի կատարէ նաեւ պասքեթպոլի բարեկամական մրցումներ: Այդ մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը...

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Սանթա Քոլոմա – Ալաշկերտ Դարձի Մրցումը

«Չեմփիընզ-լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 4 յուլիսին, Հայաստանի ախոյեան Ալաշկերտ հիւրը պիտի ըլլայ Անտորրան ներկայացնող Սանթա Քոլոմայի: Այս մրցումը պիտի սկսի ժամը 21:30-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Թէեւ հայկական խումբը երթին իր դաշտին վրայ 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց, սակայն ատիկա ցարդ յաջորդ հանգրուան հասնելու համար բաւարար չի նկատուիր, որովհետեւ մրցակից կազմին 2-0 արդիւնքով յաղթանակ...

ՖԻՏԷ. Լեւոն Արոնեան Վերադարձաւ Լաւագոյն Հնգեակ

ՖԻՏԷ-ի կողմէ հրապարակուած յուլիս ամսուան ճատրակի միջազգային նոր դասաւորման մէջ, Հայաստանի ամէնէն զօրաւոր ճատրակ խաղացողը` Լեւոն Արոնեան, այժմ երեք դիրքի ոստում մը արձանագրելով եւ ունենալով վարկանշային 2809 կէտ, կը գրաւէ դասաւորման չորրորդ դիրքը: Պարագլուխի դիրքին վրայ, այժմ կը գտնուի աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան Մակնիւս Քարլսըն (2822): Անոր ետին կը գտնուի ռուս Վլատիմիր Քրամնիք (2812), իսկ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ ամերիկացի Ուեսլի Սօ...

Հազարապետ-Զօրավար Պասպուսի Թիկնապահներու  Պատասխանատուն Դաշունահարումի Ենթարկուեցաւ

«Էմ. Թի. Վի.» Պիտի Պատկերասփռէ Լիբանանի Ֆութպոլի Ախոյեանութեան Մրցումները

Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը նախորդ շաբաթավերջին պաշտօնական յայտարարութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումները 2017-2018 տարեշրջանէն սկսալ պատկերասփռողը պիտի ըլլայ «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանը: Պայքարը, որ տեղի ունեցաւ «Էմ. Թի. Վի.»-ի եւ «Կրին Կլորի» ընկերութեան միջեւ, ի վերջոյ աւարտեցաւ առաջինին յաղթանակով:

Լուէյզի Այսօր Կը Պարգեւատրէ Իր Ախոյեանները

Լուէյզի Այսօր Կը Պարգեւատրէ Իր Ախոյեանները

Լուէյզի (Զուք Մոսպեհ) վարժարանը այսօր կը պարգեւատրէ իր երկսեռ ախոյեանները, որոնք 2016-2017 տարեշրջանին արձանագրեցին բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ եւ յաջողեցան բարձր պահել իրենց վարժարանին անունը: Այս պարգեւատրումը տեղի կ՛ունենայ վարժարանին սրահին մէջ, երեկոյեան ժամը 18:00-ին:

Իվան Եաքան` Հեթրիքի Հեղինակ

Ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, պելճիքական Լիերս 7-1 արդիւնքով յաղթեց Լինտցի: Յաղթական կազմին հետ հեթրիքի հեղինակ դարձաւ հայկական արմատներով 27 տարեկան միջնապահ Իվան Եաքան, որ մրցումին մասնակցեցաւ Բ. կիսախաղին: Ան իր կոլերը նշանակեց 65-րդ, 80-րդ եւ 81-րդ վայրկեաններուն: Յայտնենք, որ Իվան Եաքան վերջերս պելճիքական Սերքլը Պրիւժէն տեղափոխուեցաւ Լիերս` անոր հետ ստորագրելով 3 տարուան պայմանագրութիւն մը:

«Կրանտ-Չես-Թուր». Լեւոն Արոնեան Մրցանակային Տեղ Չգրաւեց

Պելճիքայի Լվով քաղաքին մէջ աւարտած «Կրանտ-չես-թուր» ճատրակի միջազգային մրցաշարքը աւարտեցաւ նախորդ շաբաթավերջին, երբ տեղի ունեցան 10-18-րդ հանգրուանի ճակատումները: Այս մրցաշարքին ընթացքին տեղի ունեցան արագ ճատրակի եւ կայծակնային խաղի մրցումները: Կայծակնային խաղին Հայաստանի ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան ապահովելով 9,5 կէտ, ռուս Վլատիմիր Քրամնիքի հետ բաժնեց 4-5-րդ դիրքերը: Տիտղոսին տիրացաւ նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսըն (14,5 կէտ): Արագ ճատրակի եւ կայծակնային խաղի մրցաշարքերուն ընդհանուր...

Հայկական Ֆութպոլ. Էտկար Մալաքեան Դաշտ Ներկայացաւ Բանանցի Հետ

Նոր տարեշրջանին պատրաստուող Բանանց Երեւան ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը կատարեց նորաստեղծ Արցախ ակումբին հետ: Մրցումը աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով: Բ. կիսախաղին Բանանցէն դաշտ ներկայացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ ուքրանական Սթալի միջնապահ Էտկար Մալաքեան, որ իր եղբօր` Գոռ Մալաքեանի հետ այժմ կը մարզուի Բանանցի հետ: Ըստ հայկական լրատուամիջոցներուն, շատ հաւանական է, որ Մալաքեան եղբայրները նոր տարեշրջանին հանդէս գան հայկական ակումբին հետ,...

Հայկ Գալստեան Պայմանագիր Մը Կնքեց Շթութկարթի Հետ

Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականի 19 տարեկան միջնապահ Հայկ Գալստեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Շթութկարթի հետ: «Սթեփ Պայ Սթեփ» գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Գալստեան երէկ պայմանագրութիւն մը կնքեց Շթութկարթի հետ: Նշուեցաւ, որ այս տեղափոխութեան մէջ իր կարեւոր դերը ունեցաւ Շթութկարթի գլխաւոր մարզիչ Հանս Վոլֆ: Հայ ֆութպոլիստը 2015-էն ի վեր ելոյթ կ՛ունենայ Պոխումի հետ:

Մարատոնա Կ՛ուզէ Ռուսական Քաղաքացիութիւն Ստանալ

Ռուսական մամուլը հաղորդեց, որ արժանթինցի ֆութպոլի նախկին աստղ Տիեկօ Մարատոնա փափաք յայտնած է ռուսական քաղաքացիութիւն ստանալու: Նախորդ շաբաթավերջին Մարատոնա այցելեց Ռուսիոյ տարբեր քաղաքները, որոնց կարգին` Մոսկուա եւ Ս. Փեթերսպուրկ: Ան ներկայ եղաւ նաեւ ֆութպոլի միջցամաքամասային մրցաշարքի աւարտականին:  

Թենիս. Ուիմպըլտընի Մրցաշարք. Առաջին Օրը Որեւէ Անակնկալ Չարձանագրուեցաւ

Խաչանով` Յաղթական Երէկ` երկուշաբթի, 3 յուլիսին սկսաւ Ուիմպըլտընի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցան Ա. հանգրուանի ճակատումները: Առաջին օրը յիշատակելի որեւէ անակնկալ տեղի չունեցաւ, եւ դասուած մարզիկները գրեթէ բոլորն ալ յաղթանակներ արձանագրեցին: Յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող 30-րդ դասուած Կարէն Խաչանով, որ 7-6, 2-6, 6-3, 1-6 եւ 6-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Անտրէ Քուզնեցովը (Ռուսիա): Յաղթանակներ...

Մանչեսթըր Եունայթըտի Ֆութպոլիստները Ներկայացուցին Ակումբին Նոր Համազգեստը

Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտ ֆութպոլի ակումբը ներկայացուց «Փրեմիեր-լիկ»-ի 2017-2018 տարեշրջանին իր դաշտին վրայ տեղի ունենալիք մրցումներուն ընթացքին մարզիկներուն կրելիք նոր համազգեստը: Համազգեստի ներկայացման այս ձեռնարկին մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան:

Պասքեթպոլ.  Լիբանանի Չորս Ազգային Խումբերը Կը Պատրաստուին Տարբեր Մրցաշարքերու

Պասքեթպոլ. Լիբանանի Չորս Ազգային Խումբերը Կը Պատրաստուին Տարբեր Մրցաշարքերու

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ Լիբանանի պասքեթպոլի չորս ազգային խումբերը կը պատրաստուին տարբեր տեսակի մրցաշարքերու: Բնականաբար այդ մրցաշարքերէն կարեւորագոյնը պիտի ըլլայ տղոց Ասիոյ բաժակի մրցաշարքը, որ 8-20 օգոստոսին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի մէջ: Լիբանանի տղոց կազմը, որ այժմ նոր մարզիչ Ռամոնաս Փութաութասի (Լիթուանիա) գլխաւորութեամբ իր փորձերը կը կատարէ (Լիբանանի մէջ), 8-22 յուլիսին յատուկ բանակումի մը համար պիտի մեկնի...

Page 958 of 1277 1 … 957 958 959 … 1,277

Արխիւներ