Ռէալ Մատրիտի պատկերասփիւռի ցանցը յայտնեց, որ օգոստոսին տեղի պիտի ունենայ 2017-2018 տարեշրջանի առաջին «Քլասիքօ»-ն, երբ իրարու դէմ պիտի մրցին Սպանիոյ ախոյեան Ռէալ Մատրիտ եւ Սպանիոյ բաժակակիր Պարսելոնա` Սպանիոյ գերբաժակի մրցումին:
Գերբաժակի երթի մրցումը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 11 օգոստոսին, «Քամփ-Նու»-ի մէջ, իսկ դարձի մրցումը երկուշաբթի, 14 օգոստոսին` «Սանթիակօ-Պեռնապէօ»-ի մէջ:
Պարսելոնայի դէմ իր կատարելիք երթի մրցումէն երեք օր առաջ` 8 օգոստոսին, Ռէալ Մատրիտ մրցում մը ունի կատարելիք Մանչեսթըր Եունայթըտի դէմ, Եւրոպայի գերբաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ:
Այստեղ պէտք է նշել, որ 29 յուլիսին Մայեմիի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) տեղի պիտի ունենայ բարեկամական «Քլասիքօ» մը երկու խումբերուն միջեւ` նկատի ունենալով, որ սպանական ֆութպոլի երկու անուանի խումբերը այդ ժամանակամիջոցին Միացեալ Նահանգներու մէջ շրջապտոյտ մը պիտի կատարեն:
Նախորդ տարեշրջանի վերջին «Քլասիքօ»-ն աւարտեցաւ Պարսելոնայի յաղթանակով (3-2)` «Սանթիակօ Պեռնապէօ»-ի մէջ: